Category Archives: հայերեն

Aztag Daily: Էրտողան Կեզիի Դէպքերուն Եւ «Փտածութեան Գայթակղութեան» Միջեւ Կապ Կը Տեսնէ

Erdogan1-420x296

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ գիշեր զինք դիմաւորելու եկած կողմնակիցներու առջեւ «անակնկալ ելոյթ» ունեցած է: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ Կեզի հանրապարտէզի դէպքերուն եւ 17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած «փտածութեան գայթակղութեան» միջեւ կապ կայ: «Ո՞րն է անոնց ընդհանուր կողմը: Երկուքին նպատակն էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը ծունկի բերել, սակայն ատիկա ընել պիտի չյաջողին», [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թուրքիան Ցնցումների Մէջ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2013 թուականը Թուրքիայի համար կարելի է համարել ներքին անհանգստութիւնների եւ ցնցումների տարի: Թերեւս, յաջողուած էր քրտերի, մասնաւորապէս Քրտական բանուորական կուսակցութեան եւ նրա առաջնորդ, Իմրալը կղզում ցմահ բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանի հետ սկսուած հաշտեցման գործընթացը: «Զրօ խնդիրներ հարեւանների հետ» արտաքին քաղաքականութիւնը, որի հեղինակը արտաքին գործերի նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն է, լուրջ յաջողութիւններ չբերեց Թուրքիային: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մնացին ամենացածր կէտի վրայ: [...] → Read the full article…

Noyan Tapan: Դատարանը ընդունել է Թաքսիմի Կէզի պատահարների ամբաստանագիրը

Դատարանը ընդունեց Թաքսիմի Կէզի մարզադաշտի պատահարներու առընչութեամբ պատրաստուած ամբաստանագիրը, որ ունի 255 ամբաստանեալներ։ Ամբաստանագրին մէջ կը պահանջուին մէկ տարիէն մինչեւ 11 տարի երկարող բանտարկութեան պատիժներ։ Ամբաստանագրին մէջ լայնօրէն կանգ առնուած է նաեւ Տոլմապահչէի Մզկիթի խնդրին վրայ, ուր պնդուած էր որ ցուցարարները անպատշաճ մուտք գործած էին, կերած-խմած, նոյնիսկ ոգելից ըմպելի գործածած էին։ Այս կէտը տակաւին յստակ կերպով չէ ստուգուած, բայց պնդուած [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Հոլանտայի Համալսարանի Թուրք Տնօրէնը Կեզի Հանրապարտէզի Դէպքերուն Համար Մեղադրած Է Հարբեցողները, Հայերը Եւ Ալեւիները

Untitled

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռոթերտամի իսլամական համալսարանի տնօրէն, փրոֆ. Ահմեթ Աքկիւնտիւզ յայտարարած է, որ Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի խնդիրը անհաւատներու, հարբեցողներու եւ հայերու գործն է: «Կառավարութեան հետ բանակցելու նպատակով ստեղծուած յանձնախումբին եթէ նայիք, պիտի տեսնէք մզկիթի թշնամի ճարտարապետներու, համայնավարներու, ալեւիներու անունը օգտագործող անհաւատներ: Այլ խօսքով` թուրք եւ իսլամ չեղած ընտանիքներու զաւակներ», յայտարարած է փրոֆեսէօրը: Անոր այս տեսակէտը տեղ գտած [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թրքական Ոստիկանութիւնը Կեզի Հանրապարտէզ Ուղղուող «Արդարութեան Քայլարշաւ Կատարողներուն» Դէմ Արցունքաբեր Կազ Կ՛օգտագործէ

Gezi-300x199

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 20 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս ցոյցի մը դէմ միջամտեց` օգտագործելով արցունքաբեր կազեր, ցրուելու համար ցուցարարներու փոքր խմբակ մը, որուն միացած էին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքճիւն եւ Թաքսիմի ցոյցերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող Հակադրամատիրական իսլամական խմբակի ներկայացուցիչ Ալի Իհսան Էլիաճըքը: Ցուցարարներու փոքր խմբակին անդամներուն շարքին էին նաեւ երեք երիտասարդ [...] → Read the full article…

Aztag Daily:«Թաքսիմի Դէպքերու Ետին Գերմանական Մատնահետքեր Գոյութիւն Ունին» Ըսաւ Քուզու

Պուրհան Քուզու

Թրքական խորհրդարանի սահմանադրական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Պուրհան Քուզու յայտարարեց, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Կեզի հանրապարտէզի հարցով վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն ետին գերմանական մատնահետքեր գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունին բազմաթիւ կողմեր, որոնք Թուրքիոյ դէմ ծրագիրներ կը մշակեն, ուստի մեր երկրին միասնականութիւնն ու միութիւնը պէտք է պաշտպանենք»: Քուզու աւելցուց, որ «այդ երկիրները Թուրքիոյ բարգաւաճումն ու զարթօնքը չեն ուզեր»: 6 [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Էրտողան Կեզիի Ցուցարարները «Ողորմելի Կրծող Անասուններ»-ու Կը Նմանցնէ

erdogan-300x150

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կեզի հանրապարտէզի ցուցարարները նմանցուց «ողորմելի կրծող անասուններ»-ու, որոնց նպատակը «76 միլիոն թուրք քաղաքացիներուն գտնուած նաւուն մէջ» ծակ մը բանալն է: «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Էրտողան իֆթարի մը ընթացքին յայտնած է, որ Կեզիի ցուցարարներուն շարքին կը գտնուէին կարգ մը շրջանակներ, որոնք «կառավարութեան հետ իրենց հարցերը փորձեցին լուծել երկրին տնտեսութիւնը, կայունութիւնն ու ապահովութիւնը թիրախ դարձնելով»: Ան [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Ձերբակալութիւններ` Ալեքսանտրէթի Մէջ. Կեզիի Մէջ Շինարարութիւնը Արգիլող Որոշումը Բեկանուեցաւ

Gezi1-300x199

Պոլսոյ շրջանային վարչական դատարանը չեղեալ նկատեց ստորադաս վարչական դատարանի մը կողմէ Թաքսիմի մէջ օսմանեան ժամանակաշրջանի Թոփճու զօրանոցի կրկնօրինակը կառուցելու կառավարութեան ծրագիրին դէմ հաստատած արգելքը: Նշենք, որ այդ ծրագիրը Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին բազմամարդ ցոյցերու, ինչպէս նաեւ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բուռն բախումներու պատճառ դարձած էր: Պոլսոյ 6-րդ վարչական դատարանը 31 մայիսին միաձայնութեամբ որդեգրած էր Կեզի հանրապարտէզին մէջ օսմանեան զօրանոցին կրկնօրինակի կառուցումը [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Gezi-300x191

Շաբաթ օր Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլոյի հրամանով Կեզի հանրապարտէզին մէջ խորհրդանշական պսակի արարողութիւն մը արգիլուեցաւ: Պսակուող ամոլը ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հրաւիրած էր իր պսակին: Անոնք իրարու հանդիպած էին Կեզի հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին: Ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որ պսակին ներկայ գտնուիլ ուզող հազարաւոր մարդիկ Կեզի հանրապարտէզ մուտք գործեն: Լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց եւ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ [...] → Read the full article…

Aztag Daily: «Ուաշինկթըն Մօտէն Կը Հետեւի Թուրքիոյ Մէջ Կեզի Հանրապարտէզի Ցոյցերուն» Ըսաւ Փսաքի

JenPsaki (1)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին Թուրքիոյ մէջ ընթացող Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն: «Մենք այստեղ այդ մասին բաւական խօսած ենք եւ կը շարունակենք խօսիլ: Բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած ենք եւ դարձեալ կոչ կ՛ուղղենք, լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ կացութիւնը երկխօսութեան ճամբով լուծելու, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ բռնարարքներէ ետ կենալու»: [...] → Read the full article…