Aztag Daily: Ձերբակալութիւններ` Ալեքսանտրէթի Մէջ. Կեզիի Մէջ Շինարարութիւնը Արգիլող Որոշումը Բեկանուեցաւ

Gezi1-300x199Պոլսոյ շրջանային վարչական դատարանը չեղեալ նկատեց ստորադաս վարչական դատարանի մը կողմէ Թաքսիմի մէջ օսմանեան ժամանակաշրջանի Թոփճու զօրանոցի կրկնօրինակը կառուցելու կառավարութեան ծրագիրին դէմ հաստատած արգելքը: Նշենք, որ այդ ծրագիրը Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին բազմամարդ ցոյցերու, ինչպէս նաեւ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բուռն բախումներու պատճառ դարձած էր:

Պոլսոյ 6-րդ վարչական դատարանը 31 մայիսին միաձայնութեամբ որդեգրած էր Կեզի հանրապարտէզին մէջ օսմանեան զօրանոցին կրկնօրինակի կառուցումը արգիլող որոշում մը: Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հետագային Պոլսոյ շրջանային վարչական դատարանին մօտ այդ որոշումը բողոքարկած էր:

Մինչ այդ, թրքական ոստիկանութիւնը Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ ձերբակալեց 28 անձեր, որոնց շուրջ նահանգին մէջ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն զօրակցող ցոյցերու կազմակերպման մեղսակցութեան կասկածներ գոյութիւն ունին:

Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ ոստիկանութիւնը վերցուց նշեալ նահանգին մէկ հանրապարտէզին մէջ Պոլսոյ ցոյցերուն առ ի զօրակցութիւն հաստատուած վրանները եւ ձերբակալեց 13 անձեր, որոնց մօտ, ըստ ոստիկանութեան, քոքթել մոլոթովներ գտնուած են:

Ոստիկանութիւնը նաեւ նահանգին մէջ շարք մը տուներ ներխուժեց եւ ձերբակալեց 15 անձեր, որոնք անկարգութիւններու, խափանարարութիւններու եւ բիրտ ցոյցերու մասնակցութեամբ ամբաստանուած են:

Թուրք լրագրողներու միութիւնը երէկ հաղորդեց, որ առնուազն 22 լրագրողներ գործէ արձակուած են եւ 37 ուրիշներու պարտադրուած է հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն` Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն մասին իրենց կատարած տեղեկատուութեան կամ մինչեւ իսկ «Թուիթըր»-ի վրայ ունեցած արտայայտութիւններուն համար:

23 July 2013
aztagdaily.com