Aztag Daily: Հոլանտայի Համալսարանի Թուրք Տնօրէնը Կեզի Հանրապարտէզի Դէպքերուն Համար Մեղադրած Է Հարբեցողները, Հայերը Եւ Ալեւիները

UntitledԹրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռոթերտամի իսլամական համալսարանի տնօրէն, փրոֆ. Ահմեթ Աքկիւնտիւզ յայտարարած է, որ Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի խնդիրը անհաւատներու, հարբեցողներու եւ հայերու գործն է:

«Կառավարութեան հետ բանակցելու նպատակով ստեղծուած յանձնախումբին եթէ նայիք, պիտի տեսնէք մզկիթի թշնամի ճարտարապետներու, համայնավարներու, ալեւիներու անունը օգտագործող անհաւատներ: Այլ խօսքով` թուրք եւ իսլամ չեղած ընտանիքներու զաւակներ», յայտարարած է փրոֆեսէօրը:

Անոր այս տեսակէտը տեղ գտած է հոլանտական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի շարք մը խմբակցութիւններու կողմէ խիստ քննադատութեան արժանացած է:

Հոլանտայի փոխվարչապետ Լոտեւիք Աշեր նշած է, որ Աքկիւնտիւզի յայտարարութիւնները «կլլելու» չեն պատրաստուիր, եւ համալսարանը պէտք է մեկնաբանէ անոր խօսքերը, հակառակ պարագային լուրջ խնդիրներ պիտի ունենայ:

23 October 2013
aztagdaily.com