Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին Թուրքիոյ մէջ ընթացող Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն:
«Մենք այստեղ այդ մասին բաւական խօսած ենք եւ կը շարունակենք խօսիլ: Բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած ենք եւ դարձեալ կոչ կ՛ուղղենք, լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ կացութիւնը երկխօսութեան ճամբով լուծելու, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ բռնարարքներէ ետ կենալու»:
Թրքական ոստիկանութիւնը «առանց արտօնագիրի ցոյցի եւ ոստիկանութեան դիմադրելու» ամբաստանութեամբ 50 անձեր ձերբակալեց: Երկուշաբթի օր Կեզի հանրապարտէզի հասարակութեան առջեւ բացուելէն ետք ցուցարարներ փորձած էին հանրապարտէզ մուտք գործել:
10 July 2013
aztagdaily.com