«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 20 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս ցոյցի մը դէմ միջամտեց` օգտագործելով արցունքաբեր կազեր, ցրուելու համար ցուցարարներու փոքր խմբակ մը, որուն միացած էին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքճիւն եւ Թաքսիմի ցոյցերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող Հակադրամատիրական իսլամական խմբակի ներկայացուցիչ Ալի Իհսան Էլիաճըքը:
Ցուցարարներու փոքր խմբակին անդամներուն շարքին էին նաեւ երեք երիտասարդ ցուցարարներ, որոնք «Արդարութեան քայլարշաւ»-ին ծիրին մէջ Անթալիայէն քալելով Պոլիս հասած էին: Խմբակը «Ինէօնիւ» մարզադաշտին քով հաւաքուեցաւ` ուղղուելու համար Կեզի հանրապարտէզ, ուր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէր:
Քայլարշաւ կատարած երեք ցուցարարները նախապէս Անգարա եւ Էսքիշեհիր այցելած էին եւ ծաղկեպսակներ զետեղած Էթեմ Սարըսիւլիւքի եւ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի սպանութեան վայրերուն վրայ: Սարըսիւլիւք մահացաւ, երբ Թաքսիմի ցոյցերու առաջին օրերուն ընթացքին ոստիկան մը կրակ բացաւ անոր վրայ, իսկ Քորքմազ մահացաւ քաղաքային հագուստներով եւ մահակներով զինուած անձերու կողմէ ծեծի ենթարկուելէ ետք:
Անոնց քայլարշաւը սկսած էր 18 յուլիսին Անթալիայէն եւ պիտի աւարտէր հակակառավարական ցոյցերու խորհրդանշական սիրտը եղող Կեզի հանրապարտէզին մէջ:
Ցուցարարները զգուշացնելէ ետք, ոստիկանները ֆիզիքապէս արգելք հանդիսացան ցուցարարներուն, որոնք գետին նստեցան` մերժելով հեռանալ:
Ձերբակալութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան:
22 August 2013
aztagdaily.com