Թրքական խորհրդարանի սահմանադրական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Պուրհան Քուզու յայտարարեց, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Կեզի հանրապարտէզի հարցով վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն ետին գերմանական մատնահետքեր գոյութիւն ունին:
Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունին բազմաթիւ կողմեր, որոնք Թուրքիոյ դէմ ծրագիրներ կը մշակեն, ուստի մեր երկրին միասնականութիւնն ու միութիւնը պէտք է պաշտպանենք»:
Քուզու աւելցուց, որ «այդ երկիրները Թուրքիոյ բարգաւաճումն ու զարթօնքը չեն ուզեր»:
6 August 2013
aztagdaily.com