Aztag Daily: Էրտողան Կեզիի Ցուցարարները «Ողորմելի Կրծող Անասուններ»-ու Կը Նմանցնէ

erdogan-300x150Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կեզի հանրապարտէզի ցուցարարները նմանցուց «ողորմելի կրծող անասուններ»-ու, որոնց նպատակը «76 միլիոն թուրք քաղաքացիներուն գտնուած նաւուն մէջ» ծակ մը բանալն է:

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Էրտողան իֆթարի մը ընթացքին յայտնած է, որ Կեզիի ցուցարարներուն շարքին կը գտնուէին կարգ մը շրջանակներ, որոնք «կառավարութեան հետ իրենց հարցերը փորձեցին լուծել երկրին տնտեսութիւնը, կայունութիւնն ու ապահովութիւնը թիրախ դարձնելով»:

Ան վկայակոչեց «Պի.Պի.Սի.»-ի թուրք լրագրող Սելին Կիրիթի` Կեզիի ցուցարարներուն հետ հանդիպումէ մը ետք «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած գրութիւնը, որուն մէջ կը նշէր հանդիպումին ընթացքին արտայայտուած առաջարկ մը. «Կանգնող մարդը չըլլանք, այլ կանգնեցնող մարդը: Տնտեսութիւնը կանգնեցնենք: Վեց ամսուան համար մի՛ սպառէք: Այդ ատեն մեզի մտիկ կ՛ընեն», ապա զայն մեկնաբանելով ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որքան կը զայրանան: Մէկ խօսքով, պարզապէս բարբարոսական արտայայտութիւն է ըսել, թէ «կառավարութիւնը պիտի տապալենք, երբ առեւտրականները տապալենք»: Անոնք, որոնք իրենց ժողովուրդին հետ կապ մը կամ անոր նկատմամբ սէր չունին, անոնք, որոնք քուէատուփերու արդիւնքներուն նկատմամբ յարգանք չունին (այսպիսի) կոչեր պիտի ուղղեն իրենց երկրին քայքայումը պատճառելու համար»:

25 July 2013
aztagdaily.com