Aztag Daily: Էրտողան Կեզիի Դէպքերուն Եւ «Փտածութեան Գայթակղութեան» Միջեւ Կապ Կը Տեսնէ

Erdogan1-420x296Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ գիշեր զինք դիմաւորելու եկած կողմնակիցներու առջեւ «անակնկալ ելոյթ» ունեցած է:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ Կեզի հանրապարտէզի դէպքերուն եւ 17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած «փտածութեան գայթակղութեան» միջեւ կապ կայ:

«Ո՞րն է անոնց ընդհանուր կողմը: Երկուքին նպատակն էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը ծունկի բերել, սակայն ատիկա ընել պիտի չյաջողին», յայտարարած է ան:

Էրտողան նշած է, որ Աստուծոյ կամքով իրենք պիտի յաջողին դուրս գալ ճգնաժամէն եւ շարունակել ժողովուրդին ծառայել:

«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ ժողովուրդը պահանջէ, ինք պատրաստ է պաշտօնէն հեռանալու:

«Եթէ թուրք ժողովուրդը պահանջէ, որ մենք հրաժարինք իշխանութենէն, ապա մենք պատրաստ ենք, սակայն ժողովուրդը ատիկա չ՛ուզեր», ըսած է Էրտողան:

Ըստ Թուրքիոյ վարչապետին, կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն, որ Թուրքիա իր առաջուան վիճակին վերադառնայ:

«Թուրք ժողովուրդը ընտրութեան առջեւ է` շարունակե՞լ զարգացումն ու կառուցել նոր Թուրքիա, թէ՞ դառնալ յառաջիկայ թոյլ պետութիւնը», ըսած է ան:

30 December 2013
aztagdaily.com