Շաբաթ օր Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլոյի հրամանով Կեզի հանրապարտէզին մէջ խորհրդանշական պսակի արարողութիւն մը արգիլուեցաւ: Պսակուող ամոլը ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հրաւիրած էր իր պսակին: Անոնք իրարու հանդիպած էին Կեզի հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին:
Ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որ պսակին ներկայ գտնուիլ ուզող հազարաւոր մարդիկ Կեզի հանրապարտէզ մուտք գործեն: Լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց եւ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` պսակին համար հաւաքուած ամբոխը ցրուելու համար:
Մինչ այդ, ամոլը իր պսակը փոխադրեց Շիշլի շրջան:
Իզմիրի եւ Անգարայի մէջ եւս Կեզիի շարժումին զօրակցող ցոյցեր տեղի ունեցան: Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը 5 ցուցարարներ ձերբակալեց:
22 July 2013
aztagdaily.com