Category Archives: Other Languages

Aztag Daily: «Կեզիի Ցոյցերուն Ընթացքին Բռնութեան Դիմելու Շուրջ Անկողմնակալ Եւ Անկախ Հետաքննութիւն Պէտք Է Կատարել» Կը Թելադրէ Մուզնիքս

nils-muizneks

Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնակատար Նայլզ Մուզնիքս յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ Կեզիի ցոյցերուն ընթացքին անհամաչափ ուժի օգտագործումը պէտք չէ առանց պատիժի մնայ»: Ան աւելցուց, որ «ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործման բոլոր պարագաները պէտք է ամբողջական կերպով հետաքննութեան ենթարկուին եւ անոնց վերաբերեալ յարմար պատիժներ ճշդուին»: Կեզիի ցոյցերն ու մարդկային իրաւանց այլ հարցեր քննարկելու նպատակով Թուրքիա կատարած հնգօրեայ իր այցելութեան աւարտին [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թուրք Ցուցարարները Կը Վերադառնան Թաքսիմի Հրապարակ

Taksim-300x199

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերսկսած են հակակառավարական ցոյցերը եւ ցուցարարները շաբաթ առաւօտեան վերադարձած են Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող Թաքսիմ հրապարակ: Թրքական ոստիկանութիւնը Կեզի հանրապարտէզի մուտքին մօտ հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ ու ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է: Ցուցարարները ուզած են մուտք գործել հանրապարտէզի տարածք, սակայն Պոլսոյ քաղաքապետը նախազգուշացուցած է, որ իրաւապահները այդ [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Պոլսոյ Դատարանը Արգիլեց Կեզի Հանրապարտէզի Վերակառուցումը

կայքէջը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ թրքական դատարանը 3 յուլիսին որոշում տուած է արգիլելու Կեզի հանրապարտէզի եւ անոր յարակից Թաքսիմ հրապարակի վերակառուցումը: Այսպիսով, կը վերացուի շուրջ կէս ամիս տեւած զանգուածային ցոյցերուն դրդապատճառը: Թրքական ընդդիմութիւնը այս որոշումը ընդունած է իբրեւ իր յաղթանակը, որովհետեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս խոստացած էր կեանքի կոչել հանրապարտէզին վերակառուցման վերաբերեալ իր ծրագիրները: [...] → Read the full article…

Aztag Daily: «Եթէ Հրեայ, Հայ Կամ Յոյն Էք, Հասկացողութեամբ Կը Դիմաւորեմ Կեզի Պարտէզի Ձեր Արարքը»

Եըլտըզ թեքնիք համալսարանի արուեստի բաժանմունքի նախագահ փրոֆ. Ահմեթ Աթան բազմաթիւ շրջանակներու զայրոյթը իր վրայ հրաւիրեց «Թվիթթեր»-ի մէջ Կեզի հանրապարտէզի դիմադրականներուն դէմ գրելով տգեղ գրութիւն մը: Ըստ հաղորդուած լուրերու, փրոֆ. Ահմեթ Աթան, քննադատելու համար այն անձերը, որոնք Կեզի հանրապարտէզը գրաւեցին ու պաշտպանեցին, գրած է հետեւեալը. «Եթէ հրեայ, հայ կամ յոյն էք, հասկացողութեամբ կը դիմաւորեմ Կեզի պարտէզի արարքներուն մէջ ձեր դեր կատարելը: [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Ըստ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին. «Հրէական Սփիւռքը Կը Կանգնի Կեզիի Ցոյցերուն Ետին»

Պեշիր Աթալայ

«Թուտէյզ Զաման» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ յայտնած է, որ արտաքին ուժեր եւ հրէական սփիւռքը կը կանգնին Թուրքիոյ վերջին ցոյցերուն ետին եւ անոնք աշխատած են երկրին մէջ անկարգութիւնները հրահրել: Աթալայ Քըրըքալէ նահանգին մէջ յայտնեց, որ «գոյութիւն ունին շրջանակներ, որոնք Թուրքիոյ արձանագրած աճին կը նախանձին: Անոնք բոլորն ալ կը միաւորուին, եւ անոնց մէկ կողմը հրէական սփիւռքն է: [...] → Read the full article…

Noyan Tapan: ԿԷԶԻ ՀԱՆՐԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՀՐԷԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՈՂՄԷ

Պէշիր Աթալայի Նոր Մեկնաբանութիւնը Թաքսիմի Կէզի հանրապարտէզի մասին այս կամ այն կողմէ յայտնուած գաղափարներն ու մեկնաբանութիւնները կը շարունակեն հանրային կարծիքը զբաղեցնել ճիշդ առաջին օրուան պէս։ Կէզի Հանրապարտէզը այլեւս խորհրդանշան մը դարձած է ժողովրդական ապստամբութեան, իսկ իշխանութիւններու համար այս հարցը գրգռութիւններու ու Թուրքիոյ հետ հաշիւ մաքրելու համար կարգ մը արտաքին ուժերու կողմէ սարքուած խաղերու արդիւնք է։ Փոխ վարչապետ Պէշիր Աթալայ այս [...] → Read the full article…

Hayern Aysor: Թուրքիա-Գերմանիա. «Կէզի» հանրապարտէզով սկսած բողոքի շարժումը ազդած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ

taksim

Թաքսիմի «Կէզի» հանրապարտէզով սկիզբ առած տագնապը իր անդրադարձը ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, քանի որ մէկէ աւելի օտար երկիրներ ո՛չ միայն շատ մօտէն կը հետեւին այդ ցոյցերուն, այլ նաեւ մեկնարանութիւններ ըրած եւ մտահոգութիւններ յայտնած են թրքական իշխանութիւններու հրահանգով կատարուած ոստիկանական բիրտ միջոմտութիւններու առընչութեամբ: Վերոնշեալ երկիրներէն մէկն ալ Գերմանիան էր: Գերմանիոյ վարչապետուհի Անկէլա Մէրքէլ առջի օր գանգատած էր ոստիկանութեան [...] → Read the full article…

Նոր Զարթօնք: Սփիւռքը կը յայտնաբերէ Պոլիսը – Վահագն Քէշիշեան

Erdogan3_0001-1

Թաքսիմի դէպքերը երբ սկսան, պարզ օր մըն էր Սփիւռքի մէջ։ Ոչ ոք կրնար ենթադրել որ մէկ ամիս չանցած այսքան շատ բան սորված պիտի ըլլար Թուրքիոյ, Պոլոսոյ եւ պոլսահայերուն մասին։ Ամէն ինչ սկսաւ երբ յանկարծ սկսան երեւիլ Նոր Զարթօնքի լոզունգները հասարակական կայքերու վրայ։ Այս նկարները կայծակային արագութեամբ տարածուեցան մարդոց միջեւ, եւ սփիւռքահայերը նկատեցին որ պոլսահայերը աշխուժ մարդիկ են, ցոյցի կը մասնակցին, [...] → Read the full article…

Aztag Daily: «Կեզիի Ցոյցերուն Ընթացքին Թուրքիա Վճռական Անկիւնադարձ Մը Ապրեցաւ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Davutoglu-300x180

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Կեզի այգիի ցոյցերուն ընթացքին Թուրքիա անցեալին նման անկիւնադարձ մը ապրեցաւ: «Այո՛, շատ վճռական բան մըն էր: Պէտք է ատիկա ընդունինք», ըսաւ ան: Տաւութօղլու յայտնեց, որ թրքական դեսպանատուներէն պահանջած է զեկուցում մը, որ կը ներկայացնէ, թէ այդ երկիրներուն մէջ Թուրքիոյ դէմ տպաւորութիւն ստեղծելու ինչպիսի՛ ջանքեր եւ միջոցներ օգտագործուած են, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Գարունը Ժամանած Է Թուրքիա

tsuyts1-300x195

Օրհան Փամուքի նկարագրած ցուրտէն, փուքէն ու սառնամանիքէն` «ձիւն»-էն ետք դժուար ու բարդ է ամենայն իրապաշտութեամբ նկարագրել գարունը… «թրքական գարունը», որ ժամանած կը թուի ըլլալ: Արդէն իսկ նոյնինքն Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարար ամբոխը սկսած է բաղդատութիւն մը կատարել Գահիրէի Թահրիր (ազատութիւն) հրապարակին վրայ յունուար 2011-ին սկսած Եգիպտոսի գարնան հետ: Հոս տարբեր են պայմաններն ու անոնց ետին կանգնող ղեկավարները: Թուրքերուն [...] → Read the full article…