Aztag Daily: Ըստ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին. «Հրէական Սփիւռքը Կը Կանգնի Կեզիի Ցոյցերուն Ետին»

Պեշիր Աթալայ

Պեշիր Աթալայ

«Թուտէյզ Զաման» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ յայտնած է, որ արտաքին ուժեր եւ հրէական սփիւռքը կը կանգնին Թուրքիոյ վերջին ցոյցերուն ետին եւ անոնք աշխատած են երկրին մէջ անկարգութիւնները հրահրել:

Աթալայ Քըրըքալէ նահանգին մէջ յայտնեց, որ «գոյութիւն ունին շրջանակներ, որոնք Թուրքիոյ արձանագրած աճին կը նախանձին: Անոնք բոլորն ալ կը միաւորուին, եւ անոնց մէկ կողմը հրէական սփիւռքն է: Տեսաք Կեզի հանրապարտէզի դէպքերուն ընթացքին օտար լրատուամիջոցներուն վերաբերմունքը. անոնք հաւատացին եւ սկսան անմիջապէս հեռարձակել առանց (կացութեան պատշաճ) գնահատական մը տալու»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ յայտնեց, որ արտաքին լրատուամիջոցները դաւադրութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցան եւ ճարպիկ կերպով շահագործեցին անկարգութիւնը: «Անոնք, որոնք Մեծն Թուրքիոյ ճամբան կը փորձեն փակել, պիտի չյաջողին», աւելցուց ան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցոյցերու հրահրման համար ամբաստանած էր «տոկոսի լոպին» եւ միջազգային լրատուամիջոցները:

3 July 2013
aztagdaily.com