Noyan Tapan: ԿԷԶԻ ՀԱՆՐԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՀՐԷԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՈՂՄԷ

Պէշիր Աթալայի Նոր Մեկնաբանութիւնը

Թաքսիմի Կէզի հանրապարտէզի մասին այս կամ այն կողմէ յայտնուած գաղափարներն ու մեկնաբանութիւնները կը շարունակեն հանրային կարծիքը զբաղեցնել ճիշդ առաջին օրուան պէս։ Կէզի Հանրապարտէզը այլեւս խորհրդանշան մը դարձած է ժողովրդական ապստամբութեան, իսկ իշխանութիւններու համար այս հարցը գրգռութիւններու ու Թուրքիոյ հետ հաշիւ մաքրելու համար կարգ մը արտաքին ուժերու կողմէ սարքուած խաղերու արդիւնք է։

Փոխ վարչապետ Պէշիր Աթալայ այս խնդրի մասին երէկ բոլորովին նոր պնդում մը ունեցաւ։ Ան Կէզի Ճեմապարտէզի պատահարներէն առաջին պատասխանատու նկատեց Հրեայ Սփիւռքը։ Աթալայի համաձայն Հրեայ Սփիւռքը տենդագին աշխատանք տարաւ որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ներքին խառնակութիւններ ստեղծուին եւ համաշխարհային մամուլն ալ ընթացք տուաւ ու լաւ օգտագործեց կացութիւնը։ Աթալայ ըսաւ որ ասոնք Մեծն Թուրքիոյ առաջքը առնելու աշխատողներ են, բայց պիտի չյաջողին։ Թուրք ազգը առաջուանը չէ այլեւս, ըսաւ Աթալայ, ան ամէն բանէ տեղեակ է ու խաղի չի գար։

Աթալայ քննադատութիւններ ուղղեց նաեւ Պէ-Տէ-Փէի հասցէին եւ ըսաւ որ այս կուսակցութիւնը իր խոստումը չյարգեց, զանազան քաղաքներու մէջ ցոյցեր կազմակերպեց, խռովութիւններու պատճառ դարձաւ։ Պէ-Տէ-Փէ կառավարութեան քայլ առնելու սպասումը պատրուակ դարձուց։ Կառավարութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն։

Հրէական Սփիւռքի հասցէին կատարուած ակնարկութիւնը նորութիւն է եւ յայտնի չէ թէ Աթալայ ինչպիսի տուեալներու վրայ հիմնած է իր այս պնդումը։
«Նոր Մարմարա»

2 July 2013
nt.am