Aztag Daily: Կեզի Այգիին Մէջ` Ժողովրդավարութեան Համար

sasoun-300x200Թաքսիմ հրապարակին Կեզի այգիին կործանման դէմ կեցող բնապահպաններուն խաղաղ ցոյցը` ստանալէ ետք վայրագ դիմագիծ` թրքական ոստիկանութեան վայրագ վերաբերմունքին պատճառով, աւելի քան հազարաւոր ցուցարարներ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ճամբայ իջած կը բողոքեն ոչ միայն կառավարութեան` Կեզի այգին հանրախանութի վերածելուն ծրագիրին դէմ, այլ նաեւ ընդհանրապէս կառավարութեան գործած «կործանումներուն» դէմ: Ցոյցին մասնակցողները այգի եկած էին իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ, իսկ բողոքին համար առաջին շարժողները եղան «Թաքսիմի Հարթակ» (Փլաթֆորմ) անունով համաժողովին անդամները: Այս մասին, երեքշաբթի, 4 յունիսին, Պոլիսէն «Ազդակ»-ին զրուցեց Սասուն Էսթուքեանը, որ Փլաթֆորմի մասնիկ «Հէ. Տէ. Քէ.»` Ժողովուրդներուն ժողովրդական համագումար անունով կազմակերպութեան անդամ է:

«Բնապահպանման գործիչներ եւ հանրածանօթ արուեստագէտներ Կեզի այգիին մէջ խաղաղ նստացոյցեր կը կազմակերպէին այն օրէն, երբ այգիին վաճառականական մեծ հանրախանութի մը վերածուելուն ծրագիրները սկսած էին մշակուիլ», ըսաւ Էսթուքեան: «Երբ առաւօտ մը, ժամը 5:00-ին ծառերը արմատախիլ ընելու աշխատանքի սկսող մեքենաներուն դէմ դրին ցուցարարները, ոստիկանները սկսան միջամտել: Ոստիկաններուն դէմ կեցաւ առաւելաբար Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտերը, որ թուրք բեմադրիչ, դերասան եւ գրող է, եւ որ 2011 թուականի ընտրութիւններուն անհատաբար ընտրուելէ ետք, միացած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան: Իր պաշտօնին բերումով յաջողելէ ետք ետ մղել ոստիկանութիւնը, ցոյցին կը միանան աւելի շատ թիւով ցուցարարներ եւ վրաններ լարելով կը գիշերեն հոն: Յաջորդ օրերուն ընթացքին, սակայն, ոստիկանութիւնը այգի ներխուժելով կ՛աւերէ ցուցարարներուն լարած վրանները եւ կը վնասէ ժողովուրդին Սըըրը Սիւրէյյա արցունքաբեր կազի ռումբի հարուածով մը կը վիրաւորուի եւ արդէն ոչ մէկ բան կը կեցնէ ոստիկանութիւնը: Ուրբաթ, 31 մայիսի առաւօտեան, ոստիկանութիւնը կը պաշարէ ցուցարարները, եւ կը սկսին ծանր բախումներ: Սակայն արդէն հազարաւոր մարդիկ միացած էին ցոյցերուն եւ անոնց զայրոյթը այգին պաշտպանելէ անդին էր: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ դժգոհ էր Էրտողանին վարած քաղաքականութենէն, իջած էր հրապարակ` բողոքելու համար անոր դէմ, օրինակ` ալեւիները երրորդ կամուրջի անունին դէմ ընդվզած ըլլալնուն համար կը մասնակցին, կամ «Պեշիկթաշ Չարշը» անունով Ֆութպոլասէրներու միութիւնը ամիս մը առաջ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունենալուն համար: Անշուշտ կան չմասնակցողներ, ինչպէս` Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ Ազգայնական շարժումի կուսակցութիւնը: Իսկ շաբաթ օր, միայն ոստիկանութեան նահանջէն ետք ցոյցին պաշտօնապէս միացան քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, որոնք փորձելով հանդերձ ազգայնական գոյն տալ ցոյցերուն, մինչեւ հիմա տակաւին չեն կրցած յաջողութիւն արձանագրել այս գծով:

Ս. Էսթուքեանին հետ հարցազրոյցին ժամանակ կը լսուէին սուլոցներ եւ աղմուկ, ան ըսաւ, որ ոստիկանութեան նահանջէն ետք ամէն գիշեր ժամը 9:00-ին, մարդիկ փողոց իջնելով կամ իրենց պատուհաններէն դգալներով եւ պնակներով աղմուկ կը բարձրացնեն: Թէեւ Թաքսիմի մէջ ոստիկաններ չկան այլեւս, բայց Անգարա, Իզմիր եւ Անտիոք կը շարունակուին ոստիկանութեան յարձակումները:

Խօսելով Պոլսոյ «Նոր զարթօնք» շարժումին մասնակցութեան մասին` ան ըսաւ, որ շարժումին անդամները առաջին օրէն անհատաբար մասնակցած են ցոյցերուն, սակայն աւելի շատ կը մասնակցին, երբ ոստիկանութիւնը կը քաշուի դաշտէն: «Նոր զարթօնք» շարժումը առաջին իսկ օրէն միացած էր արդէն Փլաթֆորմի նստացոյցին: «Ժողովուրդի ձայնին լսուիլը եւ ատոր մէջ պոլսահայութեան այս հատուածին մասնակցութիւնը արդէն մեծ շահ է պոլսահայութեան համար», շեշտեց Էսթուքեան: Անոնք արդէն քանի տարիէ ի վեր ունին հաւաքական կեանքի եւ բողոքի ներդրումը, եւ ասիկա այլեւս նորութիւն կամ զարմանալի բան չէ, նշեց ան:

Ս. Էսթուքեանին հարցուցինք Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան պատկանող խումբի մը Դիմատետրի ճամբով Պոլսոյ ցոյցին աջակցութիւն յայտնելուն մասին. ան ըսաւ, որ ատիկա շատ դրական քայլ մըն է եւ չի վնասեր անոնց դիրքերուն, այլ կը մօտեցնէ ժողովուրդները, մանաւանդ որ աջակցութիւններ կը ցուցաբերուին զանազան քաղաքներէ, «ինչո՞ւ չէ նաեւ Հայաստանէն» նշեց ան:

Ընդգծելով ցոյցին մէջտեղ բերած հասարակութեան ներդրումը` Էսթուքեան ըսաւ. «Մենք շատ լաւ գիտէինք ցուցարարներուն նկատմամբ ոստիկանութեան ցուցաբերած վարմունքին եւ արցունքաբեր զէնքերուն պատճառած վնասներուն մասին, եւ ընդհանրապէս պետութեան` իր դէմ բողոքողներուն նկատմամբ վարուելակերպին մասին, սակայն այս անգամ ատիկա յայտնի դարձաւ նաեւ հասարակ ժողովուրդին: Անոնք ընդվզած են առաւելաբար ոստիկանութեան գործադրած վայրագութիւններուն դէմ: Աւելի՛ն, այս ցոյցերով, ժողովուրդը անդրադարձաւ իր ուժին եւ պետութիւնը հասկցաւ իր ուժին սահմանափակ ըլլալը»:

Նշենք, որ ցուցարարները, Փլաթֆորմի ընդմէջէն, ցոյցերուն դադրեցումին համար դրած են պայմաններ, ինչպէս` Թաքսիմի այգիին մէջ շինարարական աշխատանքի դադրեցում, ոստիկաններուն կողմէ ժողովուրդէն ներում հայցել եւ քաղաքապետի եւ ոստիկանապետի հրաժարում:

Նշենք նաեւ, որ հարցազրոյցէն ի վեր տեղի ունեցած են թարմացումներ: Քանի մը օրուան խաղաղութենէ ետք, երէկ առաւօտեան վերսկսան բախումները, ոստիկանները, ներխուժելով Թաքսիմի հրապարակը, վերսկսան արցունքաբեր կազեր արձակել ցուցարարներուն վրայ: Ցուցարարներուն նկարահանած կարճ տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ ոստիկանութեան դէմ յարձակումներ գործողները կը կրեն ոստիկաններու յատուկ հեռաձայնային սարքեր: Ընկերային ցանցերուն մէջ բողոքողները կը գանգատին, որ անոնք պետութեան կողմէ ղրկուած մարդիկ են, որպէսզի կարելիութիւն տան ոստիկանութեան շարունակելու ներխուժել հրապարակը. անոնք հարց կուտան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ միայն երեսուն հոգիէ բաղկացած խուլիկաններու կարելի չըլլար վերջ դնել ջրարձակ մեքենաներով, երբ վերջիններս մէկ հարուածով աւելի քան հարիւր ցուցարարներ վիրաւորեցին անցնող օրերուն ընթացքին:

Սասուն Էսթուքեան յաճախած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը, անդամ է ձախակողմեան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական համագումարին (Հէ. Տէ. Քէ.) եւ Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութեան (Է. Էս. Փէ.):

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
13 June 2013
aztagdaily.com