Noyan Tapan: Դատարանը ընդունել է Թաքսիմի Կէզի պատահարների ամբաստանագիրը

Դատարանը ընդունեց Թաքսիմի Կէզի մարզադաշտի պատահարներու առընչութեամբ պատրաստուած ամբաստանագիրը, որ ունի 255 ամբաստանեալներ։ Ամբաստանագրին մէջ կը պահանջուին մէկ տարիէն մինչեւ 11 տարի երկարող բանտարկութեան պատիժներ։ Ամբաստանագրին մէջ լայնօրէն կանգ առնուած է նաեւ Տոլմապահչէի Մզկիթի խնդրին վրայ, ուր պնդուած էր որ ցուցարարները անպատշաճ մուտք գործած էին, կերած-խմած, նոյնիսկ ոգելից ըմպելի գործածած էին։ Այս կէտը տակաւին յստակ կերպով չէ ստուգուած, բայց պնդուած է որ գետինը գտնուած են գարեջուրի պարպուած շիշեր եւ պնդուած է որ ցուցարարները կեղտոտած էին մզկիթը։

Այս հարցը հիմա այլեւս դատավարութեան նիւթ պիտի դառնայ։ Տրուած ըլլալով որ ամբաստանեալներուն թիւը շատ բարձր է, դատարանը որոշեց առաջին նիստերը գումարել Մայիս ամսուան առաջին շաբթուան մէջ, հինգ իրերայաջորդ օրերու ընթացքին։

25 December 2013
nt.am