Aztag Daily: Էրտողան Խոստացած Է Կեզի Այգիի Մէջ Շինարարութեան Ծրագիրը Սառեցնել` Սպասելով Դատարանի Վճիռին

Erdogan2-300x174Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ հանդիպում ունեցած թուրք ցուցարարները յայտարարեցին, որ Էրտողան խոստացած է Պոլսոյ Կեզի այգիի մէջ շինարարութեան ծրագիրը սառեցնել` մինչեւ ծրագիրին շուրջ դատարանի վճիռին հրապարակումը:

Թաքսիմի միասնականութեան ծրագիր շարժումի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Էրտողան խոստացած է յարգել շարժումին ներկայացուցած դատական հայցին վերաբերեալ դատարանին վճիռը, իսկ եթէ այդ վճիռը ի նպաստ կառավարութեան ըլլայ` հարցին շուրջ հանրաքուէ կատարել:

Մինչ այդ, Կեզի այգիի հարցով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած 43 ցուցարարներ ազատ արձակուեցան:

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները, Էրտողանի գլխաւորութեամբ, գրեթէ մինչեւ առաւօտ բանակցած են ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ: Վերջիններս հանդիպումը դրական գնահատած են եւ ընդգծած, որ հետագայ քայլերուն մասին քննարկում պիտի կատարեն այգիին մէջ մնացած գործընկերներուն հետ:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք յայտարարեց, որ` «կառավարութիւնը պիտի ենթարկուի Թաքսիմ հրապարակի Կեզի այգիին մէջ շինարարութեանց վերաբերեալ դատարանէն բխելիք վճիռին»:

Չելիք յայտնեց, որ` «եթէ դատարանը մերժէ այգիին մէջ օսմանեան ոճի զօրանոցի կառուցման ծրագիրը, ապա կառավարութիւնը այդ որոշումին պիտի ենթարկուի, իսկ եթէ այդ ծրագիրին համաձայն գտնուի, կառավարութիւնը կ՛ուզէ այգիի ապագային շուրջ հանրաքուէ կատարել»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա օրէնքի իշխանութեան երկիր է, եւ անկարելի է, որ գործադիր իշխանութիւնը ապօրինի արարք մը կատարէ»: Ան ընդգծեց, որ` «մինչեւ դատարանի վճիռի հրապարակումը այգիին ձեռք պիտի չտրուի»:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ քանատական «Տը Կլոպ անտ Մէյլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը եւ քաղաքական իշխանութիւնը ցոյցերուն հետ չափաւոր կերպով վարուած է:

Ան ըսաւ, որ ոստիկաններն ու ապահովական ուժերը «երբեք զէնքի ուժի չդիմեցին եւ մահակներ ու զէնքեր չեն կրեր, ինչպէս նաեւ զէնքերու (օգտագործման) պատճառով զոհեր չարձանագրուեցան»:

15 June 2013
aztagdaily.com