Aztag Daily: «Կեզիի Ցոյցերուն Ընթացքին Թուրքիա Վճռական Անկիւնադարձ Մը Ապրեցաւ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Davutoglu-300x180Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Կեզի այգիի ցոյցերուն ընթացքին Թուրքիա անցեալին նման անկիւնադարձ մը ապրեցաւ: «Այո՛, շատ վճռական բան մըն էր: Պէտք է ատիկա ընդունինք», ըսաւ ան:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ թրքական դեսպանատուներէն պահանջած է զեկուցում մը, որ կը ներկայացնէ, թէ այդ երկիրներուն մէջ Թուրքիոյ դէմ տպաւորութիւն ստեղծելու ինչպիսի՛ ջանքեր եւ միջոցներ օգտագործուած են, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ գտնուող թուրք քաղաքացիներուն հակազդեցութիւնը ի՛նչ եղած է:

Ան իրադարձութիւնները նմանցուց բոլորէն զգալի 4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը, որ աւելի մեծ երկրաշարժներ կը պատրաստէ: «Ասիկա մեզ չցնցեց, սակայն մեզի բան մը յիշեցուց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ասիկա փորձառութիւն մըն է: Մեր կառավարութիւնը ասոնք (իրադարձութիւնները) անդամազննութեան նման պիտի վերլուծէ»:

Վեսթերֆելէ. «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան
Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները
Այսօր Շատ Աւելի Անմիջական Են»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յայտնեց, որ մինչ թրքական քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն սկսիլը շատ աւելի անմիջական է:

Վեսթերֆելէ ցաւ յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը ցուցարարներուն հետ երկխօսութիւն չի կատարեր եւ կը նախընտրէ անոնց հետ արարքներով ու խօսքերով ճակատիլ»:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ իր երկրին կեցուածքը բացատրելով յայտնեց, որ «այն, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, մեզ կը մղէ անդամակցութեան բանակցութիւնները մօտ օրէն կատարելու` քննարկելու համար հարցեր, որոնց գլխաւորներն են քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքները, օրէնքի պետութիւնը եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ իր որոշումը յետաձգեց 24 յունիսին: Կը նախատեսուէր, որ անդամակցութեան պայմաններու 22-րդ գլուխին շուրջ բանակցութիւնները սկսին յառաջիկայ շաբաթ, սակայն Գերմանիա այդ բանակցութիւնները յետաձգելուն վրայ պնդեց:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիա եւ Հոլանտա Թաքսիմի հրապարակին եւ Կեզի այգիին մէջ ցուցարարներուն դէմ թրքական ոստիկանութեան անհամաչափ ուժ օգտագործելու պատճառով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն վրայ վեթօ դրած էին:

Կիւլ Արընչը Հրաժարելէ Տարհամոզած Է

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ անցեալ շաբթուան նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին ծաւալած վէճէ մը ետք միջամտած է եւ Արընչը համոզած, որ իր պաշտօնէն չհրաժարի:

Վէճը ծագած է, երբ Էրտողան Արընչի ըսած է, որ Կեզի այգիին վերաբերեալ իր յայտարարութիւնները սխալ էին, որմէ ետք Արընչ հեռացած է ժողովէն` յայտնելով, որ իր պաշտօնէն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պիտի հրաժարի: Երբ այլ նախարարներ չեն յաջողած Արընչը ժողովին վերադառնալու համոզել, Կիւլ միջամտած է:

Յիշեցնենք, որ Արընչ ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներուն դէմ անհամաչափ ուժի կիրարկման համար ներում հայցած էր: Ըստ տեղեկութեանց, Էրտողան այդ քայլէն զայրացած էր:

Ոստիկանութիւնը Իզմիրի Մէջ 14 Ցուցարարներ
Կը Ձերբակալէ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Իզմիրի մէջ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը երէկ 14 անձեր ձերբակալած է հանրային շէնքերու, առեւտրական կեդրոններու, քաղաքային ինքնաշարժներու քանդումին եւ Իզմիրի մէջ ցոյցերուն ընթացքին ժողովուրդը գրգռելով ընկերութեան մէջ լարուածութիւն ստեղծելու յանցանքներով: Ձերբակալուածներու շարքին են ահաբեկչական Մարքսական-լենինեան համայնավար կուսակցութիւն եւ Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութիւն-Մարքսական լենինեան կազմակերպութիւններու անդամներ:

Աւելի՛ն, 92 անձեր, որոնք Պոլսոյ մէջ երեք շաբթուան վրայ երկարած ցոյցերուն իրենց մասնակցութեան համար ձերբակալուած էին չորեքշաբթի գիշեր ազատ արձակուեցան, իսկ Պեշիկթաշ ֆութպոլի խումբի համակիրներու «Չարշը» խմբակէն երկու անձեր շարունակեցին արգելափակուած մնալ:

Միացեալ Նահանգներու Դեսպան-Էրտողանի
Խորհրդական Հանդիպում

«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ չորեքշաբթի օր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Եալչըն Աքտողանի հետ:

Ռիքարտոնէ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Թուրքիան եւ անոր ժողովրդավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ, եւ երկու երկիրները հասարակաց շահեր ունին: Ան իր խօսքին մէջ քանի մը անգամ կրկնեց, որ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ` իբրեւ ժողովրդավարական երկիր ուժին վրայ վստահութիւն ունի:

Դեսպանը նշեց, որ իրենք թուրք նախարարներու եւ ընդդիմութեան հետ մնայուն կապի մէջ են, իսկ Թուրքիա պիտի շարունակէ բարեկամ ու դաշնակից երկիր մը մնալ, թէ՛ լարուածութեան եւ թէ՛ խաղաղութեան հանգրուաններուն մէջ:

Ան խօսեցաւ խօսքի ազատութեան եւ հաւաքի ազատութեան կարեւորութեան մասին` աւելցնելով, որ ամերիկեան ու թրքական կառավարութիւնները այդ սկզբունքները պաշտպանելու հարցով նոյն կեցուածքը ունին: Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները տակաւին ուժեղ ու առողջ են, եւ ամերիկեան վարչակազմը թրքական ժողովրդավարութեան նկատմամբ վստահութիւն ունի:

Դեսպանը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ յատուկ կարեւորութիւն կու տան եւ պիտի շարունակեն իրենց դաշնակիցին կողքին կանգնիլ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն խօսքի եւ հաւաքի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով թրքական կառավարութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը վերանորոգած է:

Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի, Աքտողանի եւ Ռիքարտոնէի միջեւ քննարկուած այլ նիւթ մը կրնայ Էրտողանի Կազա այցելութեան ծրագիրը ըլլալ: Վերջինս երեքշաբթի ուշ գիշերին հանդիպում ունեցած էր Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի եւ Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի հետ:

21 June 2013
aztagdaily.com