Aztag Daily: «Պոլսոյ Ճակատագիրը Ամբողջ Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի Եւ Եւրոպացիներուն Կը Վերաբերի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Taksim22-300x155Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ հազարաւոր համակիրներու առջեւ խօսք մը արտասանեց` յայտարարելով, որ «Պոլսոյ ճակատագիրը ամբողջ Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ եւրոպացիներուն կը վերաբերի»:

Ան ըսաւ, որ «հարիւր հազարաւորներ չկրցան ներկայ գտնուիլ, սակայն մեզի հետ են: Ես կ՛ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք մեզի եւ մեր կարծիքներուն կը զօրակցին` աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ»: Էրտողան շեշտեց, որ «Թուրքիոյ ճշմարտութիւնը ներկայ այս բազմութեան մէջ է»` նշելով, որ «գոյութիւն ունին արեւմտեան լրատուամիջոցներ, որոնք կը ծածկեն այս բազմութիւնը, սուտեր կը հրապարակեն եւ իրողութիւնները կ՛աղաւաղեն»:

Թուրքիոյ վարչապետը նշեց, որ «ան, որ կ՛ուզէ տեսնել, թէ Թուրքիոյ մէջ ինչ կը պատահի, պէտք է այս հաւաքէն մեկնելով պատկերը դիտէ»: Ան արեւմտեան լրատուամիջոցներուն «բազմամարդ հաւաքը տեսնելու» կոչ ուղղելէ ետք ըսաւ, որ «մենք ժողովրդավարութեան պատգամ մըն ենք եւ մեր կարծիքները օրինական միջոցներով կը յայտնենք»` աւելցնելով, որ «այսօրուան հաւաքին հարիւր հազարաւորները հրավառ նիւթեր չեն շալկած կամ անկարգութիւններ կատարել չեն փափաքիր»:

Էրտողան ըսաւ, որ ինք Կեզի այգիի ցուցարարներու պատուիրակութեան ըսած է, թէ իր համբերութիւնը հատած է, եւ պէտք է Կեզի այգին դատարկեն, այլապէս ինք այդ մէկը անձամբ պիտի կատարէ:

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բնութեան իսկական պաշտպան է, իսկ ընդդիմադիրները այդ բնութեան հետ որեւէ կապ չունին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Թաքսիմ հրապարակը պիտի պարպեմ, հակառակ Քըլըճտարօղլուի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու կամքին»:

«Թաքսիմի այգին Պոլսոյ ամբողջ բնակչութեան կը պատկանի եւ ոչ միայն ցուցարարներուն», յայտնեց Էրտողան եւ թուրք ժողովուրդին կոչ ուղղեց ընդդիմադիրներուն ցոյց կատարելու կոչերուն չընդառաջելու:

Քըլըճտարօղլու. «Կեզի Այգիի Գործողութիւնը
Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Է»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ «վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է Թուրքիան սպաննել իր բռնատիրական մտածելակերպին եւ անձնական փառամոլութեան պատճառով: Հրամանը կատարել վարչապետի մը, որ պիտի չերկմտի այս ժողովուրդը պատերազմի մղելու, ըստ միջազգային արժեչափերու ոճիր մըն է»:

Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ Կեզի այգիին մէջ ոստիկանութեան գործողութիւնը փողոցներուն վրայ անմարդկային եւ կանոնաւոր չարչարանքի արտացոլումն է` աւելցնելով, որ ոստիկանութեան շաբաթ օրուան քայլը ոչ միայն ժողովրդավարութեան դէմ ոճիր է, այլեւ` մարդկութեան դէմ ոճիր:

«Անոնք, որոնք այս ոճիրը գործեցին, երբեք ժողովուրդէն, պատմութենէն եւ մարդկութեան խիղճէն ներում պիտի չստանան», ըսաւ ան եւ պետական պաշտօնեաներուն կոչ ուղղեց գիտակցելու, որ անոնք ոճիրին մէջ Էրտողանի գործընկեր պիտի նկատուին եւ օր մը դատարանի առջեւ պիտի կանգնին:

«Ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղեմ. «Այս դիմադրութեան մէջ ամէնէն կարեւոր ուժը, որ ունիս, արդարացիութիւնդ եւ խաղաղութիւնդ է: Դուն իրաւացի եւ ուժեղ ես: Պէտք է գիտնաս, թէ աշխարհի հասարակաց մարդկային խիղճը քեզմով հպարտ է», նշեց Քըլըճտարօղլու:

Նշենք, որ ոստիկանական ուժեր ջրաշիթ մեքենաներու եւ արցունքաբեր կազի օգտագործման միջոցով շաբաթ գիշեր ցրուեցին Կեզի այգիին մէջ նստացոյց կատարողները: Էրտողան շաբաթ օր նստացոյց կատարողներուն պատուիրած էր այդ գիշեր հեռանալու այգիէն: Էրտողանի արտասանած խօսքէն մէկ ժամ ետք ոստիկանութիւնը շղթայազերծեց գործողութիւն մը, որ կէս ժամուան ընթացքին հասաւ իր նպատակին:

Թրքական Աշխատաւորական 5
Համադաշնակցութիւններ Այսօր
Թուրքիոյ Տարածքին Ցոյցերու Կը Ձեռնարկեն

Պոլսոյ Կեզի այգիին դէմ ոստիկանութեան շաբաթ օրուան գործողութենէն ետք, «Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ թրքական հինգ աշխատաւորական համադաշնակցութիւններ այսօր պիտի սկսին ցոյցերու, որոնց մասնակիցները հարիւր հազարներու կրնան հասնիլ:

Յառաջդիմական աշխատաւորական միութիւններու համադաշնակցութիւնը (ՏԻՍՔ), Պետական մարզի աշխատաւորական միութիւններու համադաշնակցութիւնը (ՔԵՍՔ), Թուրք բժիշկներու միութիւնը (ԹԹՊ), Թուրք ճարտարապետներու եւ երկրաչափերու միութիւնը (ԹՄՄՈՊ) եւ Թուրք ատամնաբուժերու միութիւնը (ԹՏՀՊ) աշխատաւորներուն կոչ ուղղեցին այսօր փողոց դուրս գալու:

Ցոյցերն Ու Ոստիկանութեան Հետ
Բախումները Կը Շարունակուին

Պոլսոյ նահանգապետ Հիւսէյն Մութլու յայտարարեց, որ «այսօր Թաքսիմ հրապարակին վրայ հաւաքներ պիտի չարտօնենք»: Հակառակ անոր յայտարարութեան, ցուցարարներ փորձեցին հրապարակ ուղղուիլ` այդտեղ ցոյց կատարելու համար, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ եւ ջրաշիթ մեքենաներու եւ արցունքաբեր ռումբերու օգտագործումով փորձեց ցրուել զանոնք: Յայտնենք, որ երէկուան բախումները հասան մինչեւ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասը:

Նշենք, որ Կեզի այգիի ցոյցերուն զօրակցող ցուցարարներ շաբաթ օր Անգարայի մէջ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցան, մինչ Էրտողան իր համակիրներուն հետ Անգարայի մէջ հաւաք մը կը կատարէր:

Շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ արցունքաբեր կազերէն ազդուողներէն մէկն էր Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան փոխնախագահ Քլոտիա Ռոթ, որ կը մասնակցէր Կեզի այգիին մէջ տեղի ունեցող նստացոյցին, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխանի մը ձեռքը կոտրուեցաւ:

17 June 2013
aztagdaily.com