Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Gezi-300x191Շաբաթ օր Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլոյի հրամանով Կեզի հանրապարտէզին մէջ խորհրդանշական պսակի արարողութիւն մը արգիլուեցաւ: Պսակուող ամոլը ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հրաւիրած էր իր պսակին: Անոնք իրարու հանդիպած էին Կեզի հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին:

Ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որ պսակին ներկայ գտնուիլ ուզող հազարաւոր մարդիկ Կեզի հանրապարտէզ մուտք գործեն: Լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց եւ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` պսակին համար հաւաքուած ամբոխը ցրուելու համար:

Մինչ այդ, ամոլը իր պսակը փոխադրեց Շիշլի շրջան:

Իզմիրի եւ Անգարայի մէջ եւս Կեզիի շարժումին զօրակցող ցոյցեր տեղի ունեցան: Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը 5 ցուցարարներ ձերբակալեց:

22 July 2013
aztagdaily.com