Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցերը 4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. «Պոլսոյ Դէպքերուն Ետին Ներքին Ու Արտաքին Դաւ Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

taksim-protests-300x231Պոլսոյ մէջ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած բուռն բախումներէն ետք, երէկ առտու եւս ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց դէպի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակ ուղղուող ցուցարարներուն ընթացքը կասեցնելու համար: Նախանցեալ գիշեր բախումները տեղի ունեցան Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, ուր մզկիթներ, խանութներ եւ համալսարան մը ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածուեցան` դարմանելու համար վիրաւոր ցուցարարները:

Ոստիկանութիւնը երէկ Անգարայի մէջ արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` հարիւրաւոր ցուցարարներ ցրուելու համար: Իզմիրի մէջ ցուցարարները յաջողեցան քաղաքին մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնը հրկիզել:

Բռնարարքներ տեղի ունեցան նաեւ Իզմիրի, Ատանայի եւ Այնթապի մէջ:

Մինչ երէկ երեկոյեան Պեշիկթաշի մէջ բախումները մագլցում արձանագրեցին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ցուցարարներուն թիւը նկատառելի կերպով աճեցաւ, եւ անոնց վերեւ զինուորական ուղղաթիռներ սկսան թռիչք կատարել: Թուրքիոյ աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը այսօր կը ծրագրէ ընդհանուր գործադուլ կատարել:

Էրտողան. «Ցոյցերը Կազմակերպուած Են
Ծայրայեղականներու Կողմէ»

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մարոք ուղղուելէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ցոյցերը կազմակերպուած են ծայրայեղականներու կողմէ, եւ ընդդիմութիւնը ամբաստանեց «իր քաղաքացիները» գրգռելու համար: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ըսելով. «Հանդարտ մնացէք, հանգչեցէք, այս բոլորը պիտի յաղթահարուի»:

«Պոլսոյ դէպքերուն մէջ ներքին եւ արտաքին դաւադրութիւն մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «հարցը ծառերը կտրելուն չի վերաբերիր»: Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ «մեր տեղեկահաւաքի աշխատանքը ընթացքի մէջ է (ճշդելու համար ցոյցերուն ետին կանգնող արտաքին ազդակները): Անոնց անունները բացայայտել կարելի չէ, սակայն անոնց ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ պիտի ունենանք»:

Էրտողան ըսաւ, որ «եթէ բռնատէր ենք, ապա ժողովուրդը մեզ հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ… եւ ան պիտի պատասխանէ փողոցներ իջածներուն»` նշելով, որ բողոքի ցոյցերը «թրքական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերը չեն ներկայացներ»:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածին պատճառը այգիի հարցը չէ, որովհետեւ նշեցի, որ այգիի ծառերը պիտի չկտրուին, այլ` փոխադրուին»: Ան դարձեալ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ամբաստանեց «ցոյցերուն ետին կանգնելու» համար:

Նշենք, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «չի ջանար թրքական վարչակարգը տապալել, ոչ ալ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին իշխանութենէն հեռացումը ստիպել»:

Էրտողան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ցոյցերուն դէմ չէ, «սակայն Թուրքիոյ մէջ ցոյց կատարելու համար ճշդուած վայրեր կան եւ քաղաքացիները պէտք է այդ օրէնքը յարգեն»:

«Այն իրողութիւնը, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իրերայաջորդ երեք ընտրութիւններու ընթացքին իր ստացած քուէներու համեմատութիւնը աճեցուցած է եւ երկու հանրաքուէներու մէջ յաջողած յաղթանակ արձանագրել, ցոյց կու տայ, թէ այս պետութեան ժողովուրդը ինչպէ՛ս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառչած են», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով երկրին արձանագրած տնտեսական աճին` ան նշեց, որ «երկիրը արդէն թրքական գարուն մը կ՛ապրի, եւ մենք արգելք պիտի հանդիսանանք անոնց, որոնք կ՛ուզեն զայն ձմրան վերածել»:

Խօսելով ցուցարարներուն դէմ ուժի կիրարկումին նկատմամբ միջազգային հակազդեցութեան մասին` Էրտողան ըսաւ, որ «անոնք, որոնք մեզի կը խրատեն չափաւորական ըլլալ, պէտք է նախ եւ առաջ իրենք չափաւորական գիծ որդեգրեն»:

Տաւութօղլու. «Ոչ Ոք Պիտի Օգտուի Ցոյցերուն
Շարունակումէն, Որոնք Թուրքիոյ
Վարկին Վնաս Պատճառեցին»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ «Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ եւ թրքական այլ քաղաքներու մէջ ցոյցերը միջազգային գետնի վրայ Թուրքիոյ վարկին վնաս պատճառեցին»:

«Ոչ ոք պիտի օգտուի ցոյցերու շարունակումէն, անոնք միայն պիտի վնասեն վարկին մեր երկրին, որ շրջանի եւ աշխարհի համակրանքը կը վայելէ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` աելցնելով, որ «Թաքսիմի դէպքերը ցոյց կու տան, որ Թուրքիա ատոր արժանի չէ»:

Տաւութօղլու քննադատեց ցուցարարները «տասը տարուան վրայ երկարող ժողովրդավարական փորձառութիւնը, խօսքի ազատութիւնը ամրապնդելու համար առնուած քայլերն ու քրտական հարցի լուծման ընթացող հոլովոյթը թիրախ դարձնելնուն համար»:

Ուաշինկթըն Եւ Պրիւքսէլ Դարձեալ
Ոստիկանութեան Ինքնազսպումի
Կոչ Կ՛ուղղեն

Եւրոպական Միութենէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ներկայացուցիչներ դարձեալ հրապարակեցին հաղորդագրութիւններ` թրքական ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն կոչ ուղղելով ինքնազսպում ցուցաբերելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն «խոր մտահոգութիւն» եւ «ցաւ» յայտնեց ոստիկանութեան ցուցաբերած բրտութեան համար: Ան ցաւ յայտնեց «թրքական ոստիկանութեան անդամներուն կողմէ անհամեմատ ուժի օգտագործման համար»` աւելցնելով, որ «այս հարցի խաղաղ լուծման համար երկխօսութեան պէտք է ձեռնարկուի»:

Նոյնպիսի հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Սպիտակ տան կողմէ: Քանի մը օրուան ընթացքին երկրորդ հաղորդագրութեան մը մէջ ամերիկեան կառավարութեան բանբեր Լորա Լուքաս մտահոգութիւն յայտնեց բախումներուն առնչութեամբ, կոչ ուղղեց «ինքնազսպումի դիմելու» եւ ցոյցերը նկատեց «ժողովրդավարական արտայայտութեան մէկ մասը»: Հաղորդագրութիւնը նաեւ պետական իշխանութեանց կոչ ուղղեց պատասխանատու կերպով եւ ինքնազսպուածութեամբ վարուելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւս դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անհամեմատ ուժի օգտագործումը:

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ երկու առիթներով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ նոյնիմաստ յայտարարութիւններ կատարած էր:

Պուլկարիոյ կառավարութիւնը եւս իրադարձութեանց լոյսին տակ մտահոգութիւն յայտնեց ուժի անհամեմատ օգտագործման առնչութեամբ` նշելով, որ «Պուլկարիա մօտէն կը հետեւի դրացի եւ բարեկամ երկիր Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցող իրադարձութեանց»:

Իրաք եւս մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ: ԱՖՓ հաղորդեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ «բռնի ուժի դիմելը պատճառ պիտի դառնայ անոր տարածման, ինչ որ շրջանին մէջ կացութեան վրայ պիտի ազդէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքժի յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը ներքին հարցեր են»: Ան յոյս յայտնեց, որ «թուրք ղեկավարները իրենց սովորական իմաստութեամբ հասնին հարցերը խաղաղ ձեւով եւ բռնարարքներէ հեռու լուծելու»:

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ սակարանը երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով 8 առ հարիւրի անկում արձանագրած է:

Չոմսքի. «Կեզի Այգիի Դէպքերը Թրքական
Պատմութեան Ամէնէն Ամօթալի
Պահերը Կը Յիշեցնեն»

Ամերիկացի լեզուաբան եւ քաղաքական իմաստասէր Նաոմ Չոմսքի դատապարտեց թրքական ոստիկանութեան կողմէ գործուած բռնարարքները` յայտնելով, որ «վերջին քանի մը օրուան տեղեկութիւնները կը յիշեցնեն Թուրքիոյ պատմութեան ամէնէն ամօթալի պահերը, որոնք Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին լաւագոյնը մաղթող բոլորիս կողմէ ողջունուած եւ գովաբանուած վերջին տարիներու յառաջդիմութեան կողմէ անցեալին մատնուած էին»:

4 June 2013
aztagdaily.com