Aztag Daily: Թուրք Ցուցարարները Կը Վերադառնան Թաքսիմի Հրապարակ

Taksim-300x199Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերսկսած են հակակառավարական ցոյցերը եւ ցուցարարները շաբաթ առաւօտեան վերադարձած են Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող Թաքսիմ հրապարակ:

Թրքական ոստիկանութիւնը Կեզի հանրապարտէզի մուտքին մօտ հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ ու ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է: Ցուցարարները ուզած են մուտք գործել հանրապարտէզի տարածք, սակայն Պոլսոյ քաղաքապետը նախազգուշացուցած է, որ իրաւապահները այդ պարագային ցուցարարներուն պիտի դիմադրեն:

Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս Թուրքիոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ցուցարարները շուրջ երկու շաբաթէ աւելի բողոքի զանգուածային ցոյցեր կատարեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ` մեղադրելով զինք երկիրը բռնապետութեան վերածելու յանցանքով:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր երէկ մեկնաբանելով ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազի եւ ջրաշիթ մեքենաներու օգտագործման մասին հարցումի մը յայտնեց, որ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ապօրինի ցոյցերը ցրուելու համար թրքական ոստիկանութեան միջամտութիւնը բնական կը նկատուի:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կիւլեր յայտնած է, որ «Թաքսիմ հրապարակին վրայ գտնուող Կեզի հանրապարտէզը հասարակութեան առջեւ բաց է»:

Ան շեշտած է, որ կը մերժէ հանրապարտէզին մէջ հաւաքները, ցոյցերը եւ վրաններու զետեղումը:

8 July 2013
aztagdaily.com