Tag Archives: Armenian

Hayern Aysor: Թուրքիա-Գերմանիա. «Կէզի» հանրապարտէզով սկսած բողոքի շարժումը ազդած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ

taksim

Թաքսիմի «Կէզի» հանրապարտէզով սկիզբ առած տագնապը իր անդրադարձը ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, քանի որ մէկէ աւելի օտար երկիրներ ո՛չ միայն շատ մօտէն կը հետեւին այդ ցոյցերուն, այլ նաեւ մեկնարանութիւններ ըրած եւ մտահոգութիւններ յայտնած են թրքական իշխանութիւններու հրահանգով կատարուած ոստիկանական բիրտ միջոմտութիւններու առընչութեամբ: Վերոնշեալ երկիրներէն մէկն ալ Գերմանիան էր: Գերմանիոյ վարչապետուհի Անկէլա Մէրքէլ առջի օր գանգատած էր ոստիկանութեան [...] → Read the full article…

Նոր Զարթօնք: Սփիւռքը կը յայտնաբերէ Պոլիսը – Վահագն Քէշիշեան

Erdogan3_0001-1

Թաքսիմի դէպքերը երբ սկսան, պարզ օր մըն էր Սփիւռքի մէջ։ Ոչ ոք կրնար ենթադրել որ մէկ ամիս չանցած այսքան շատ բան սորված պիտի ըլլար Թուրքիոյ, Պոլոսոյ եւ պոլսահայերուն մասին։ Ամէն ինչ սկսաւ երբ յանկարծ սկսան երեւիլ Նոր Զարթօնքի լոզունգները հասարակական կայքերու վրայ։ Այս նկարները կայծակային արագութեամբ տարածուեցան մարդոց միջեւ, եւ սփիւռքահայերը նկատեցին որ պոլսահայերը աշխուժ մարդիկ են, ցոյցի կը մասնակցին, [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Պայքարը Ներսէն. «Նոր Զարթօնք»-ը Կը Խօսի Սփիւռքին

hrantdink

Թուրքիան իր ամբողջութեամբ եւ իր տարբեր ծալքերով հասկնալը մեզի համար անկարեւոր չի կրնար ըլլալ: Նմանապէս, թրքահայութիւնը եւ յատկապէս Պոլսահայութիւնը, որ թուրքիոյ մէջ ամէնէն աւելի կայացած հայկական հաւաքականութիւնն է, պէտք է յարատեւօրէն մնան մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ վերջին տարիներուն սկսած եւ յայտնապէս վերջերս սաստկացող զարգացումները, ըլլան անոնք քաղաքական, ընկերային, թէ ինքնութենական եւ ազգային փոքրամասնական հարցերու ծիրէն ներս, կը թուին մեզի [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Կեզի Այգիին Մէջ` Ժողովրդավարութեան Համար

sasoun-300x200

Թաքսիմ հրապարակին Կեզի այգիին կործանման դէմ կեցող բնապահպաններուն խաղաղ ցոյցը` ստանալէ ետք վայրագ դիմագիծ` թրքական ոստիկանութեան վայրագ վերաբերմունքին պատճառով, աւելի քան հազարաւոր ցուցարարներ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ճամբայ իջած կը բողոքեն ոչ միայն կառավարութեան` Կեզի այգին հանրախանութի վերածելուն ծրագիրին դէմ, այլ նաեւ ընդհանրապէս կառավարութեան գործած «կործանումներուն» դէմ: Ցոյցին մասնակցողները այգի եկած էին իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ, իսկ բողոքին համար առաջին շարժողները [...] → Read the full article…

Azad Or: Թուրքիոյ մէջ 10 օրերէ ի վեր՝ լարուած վիճակ

azad

Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին 15 օրերէ ի վեր կը տիրէ շատ լարուած վիճակ: Այժմ շնորհիւ որոշ կառավարական ղեկավարներու շինիչ յայտարարութիւններուն՝ վիճակը բարելաւուած եւ մըթնոլորտը հանդարտած կþերեւի ըլլալ, բայց յայտնի չէ եթէ, կամ ինչպէս, իրենց աւարտին պիտի հասնին ցոյցերը, քանի որ վարչապետ Էրտողան չի հրաժարիր իր խիստ կեցուածքէն: * * * Էրտողանի իսլամամէտ քաղաքականութիւնը կիրարկող ԱՔ կուսակցութեան գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն [...] → Read the full article…

Նոր Զարթօնք: Իսթանպուլ. «Արեան Ծով»-էն Անդին – Սագօ ԱՐԵԱՆ

Անկսակած որ 31 Մայիսէն ի վեր յատկապէս Պոլսոյ եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը նոր էջ պիտի բանան Թուրքիոյ ձեւական անդորր ապրող քաղաքական կեանքին մէջ: Տասըմէկ տարուան հանգրուան որ յատկանշուեցաւ Րէժէպ Թայէպ Էրտողանի ««Բարգաւաճում եւ արդարութիւն» կուսակցութեան իշխանութեամբ: Այս առումով կարեւոր է հաշուի առնել Թուրք սիւնակագիր Մուրատ Ետքինի ուշագրաւ մէկ յօդուածը որ լոյս տեսած է «Հիւրիիյէթ» թերթին մէջ: Եէտքին [...] → Read the full article…

Akunq.net: Իրադարձությունները Թուրքիայում. ներկայացնում է «Մարմարան»

Նախագահ Կիւլ եւ Պիւլէնտ Արընչ խօսեցան վերջին դէպքերու մասին Արընչ ներողութիւն խնդրեց Կէզի հանրապարտէզի մէջ առաջին օրը ցոյց ընողներէն, որոնց դէմ սխալներ գործուեցան Թաքսիմի Կէզի հանրապարտէզը պաշտպանելու ցոյցերը երէկ ալ շարունակուեցան։ Գիշերը Թաքսիմի մէջ դարձեալ մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուեցան, բայց այս անգամ տօնակատարութեան մթնոլորտ մը կար հոն, մինչդեռ Պէշիկթաշի եւ այլ մէկ երկու թաղերու, նաեւ այլ քաղաքներու մէջ կրկին սաստկութիւններ [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը 5-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Թաքսիմի Ցուցարարներէն Ներում Կը Հայցէ Եւ Ցոյցերուն Վերջ Տալ Կը Պահանջէ

«Նոր զարթօնք»-ի գործիչներ` Թաքսիմի հրապարակին մէջ. «Մեր գերեզմանատունը առիք, բայց մեր զբօսայգին պիտի չկարենաք առնել»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հրաւէրով այցելեց նախագահական պալատ` քննարկելու համար երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն հարցը: 45 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք Արընչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «դրական հանդիպում մը ունեցանք: Նախագահին թելադրանքները ստացանք եւ տեսակէտներ փոխանակեցինք»: Խօսելով ցոյցերուն մասին` ան յայտնեց, որ Կեզի այգիի հարցով սկզբնական ցոյցերը «արդար ու օրինական» [...] → Read the full article…

Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցերը 4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. «Պոլսոյ Դէպքերուն Ետին Ներքին Ու Արտաքին Դաւ Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

taksim-protests-300x231

Պոլսոյ մէջ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած բուռն բախումներէն ետք, երէկ առտու եւս ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց դէպի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակ ուղղուող ցուցարարներուն ընթացքը կասեցնելու համար: Նախանցեալ գիշեր բախումները տեղի ունեցան Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, ուր մզկիթներ, խանութներ եւ համալսարան մը ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածուեցան` դարմանելու համար վիրաւոր ցուցարարները: Ոստիկանութիւնը երէկ Անգարայի մէջ [...] → Read the full article…

Նոր Զարթօնք: Սուրբ Հակոբ Հայկական Գերեզմանատուն. 1551-1939 թթ. Տապանաքար՝ Գեզի Զբոսայգում

«Նոր Զարթօնք» հայկական կազմակերպությունը, որը գործում է Թուրքիայում, նույնպես մասնակցել է Ստամբուլի կենտրոնական Թաքսիմ հրապարակում շարունակվող հակակառավարական ցույցերին։ Հայկական կազմակերպության անդամները տապանաքար են տեղադրել Գեզի զբոսայգում, որի վրա գրված է. «Սուրբ Հակոբ հայկական գերեզմանատուն. 1551-1939 թթ»։ «Դուք գողացել եք մեր գերեզմանատունը, բայց չեք կարողանա գողանալ մեր զբոսայգին»,-գրված է քարի ներքևում ամրացված պաստառի վրա։ Նշենք, որ Գեզի զբոսայգու տարածքում եղել է [...] → Read the full article…