Aztag Daily: Պոլսոյ Դատարանը Արգիլեց Կեզի Հանրապարտէզի Վերակառուցումը

կայքէջը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ թրքական դատարանը 3 յուլիսին որոշում տուած է արգիլելու Կեզի հանրապարտէզի եւ անոր յարակից Թաքսիմ հրապարակի վերակառուցումը: Այսպիսով, կը վերացուի շուրջ կէս ամիս տեւած զանգուածային ցոյցերուն դրդապատճառը:

Թրքական ընդդիմութիւնը այս որոշումը ընդունած է իբրեւ իր յաղթանակը, որովհետեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս խոստացած էր կեանքի կոչել հանրապարտէզին վերակառուցման վերաբերեալ իր ծրագիրները: Ատոր զուգահեռ ան կը նշէր, որ մտադիր է սպասել այս հարցին շուրջ դատարանի որոշման:

Նախապէս յայտարարուած էր, որ Պոլսոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին հանրապարտէզի ճակատագիրին վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու:

5 July 2013
aztagdaily.com