Aztag Daily: Պայքարը Ներսէն. «Նոր Զարթօնք»-ը Կը Խօսի Սփիւռքին

Թուրքիան իր ամբողջութեամբ եւ իր տարբեր ծալքերով հասկնալը մեզի համար անկարեւոր չի կրնար ըլլալ: Նմանապէս, թրքահայութիւնը եւ յատկապէս Պոլսահայութիւնը, որ թուրքիոյ մէջ ամէնէն աւելի կայացած հայկական հաւաքականութիւնն է, պէտք է յարատեւօրէն մնան մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ վերջին տարիներուն սկսած եւ յայտնապէս վերջերս սաստկացող զարգացումները, ըլլան անոնք քաղաքական, ընկերային, թէ ինքնութենական եւ ազգային փոքրամասնական հարցերու ծիրէն ներս, կը թուին մեզի յուշել թէ պէտք է աշխուժացնել «Դէպի Թուրքիա»-ի քաղաքականութիւն մը, որուն հիմնական առանցքը բնականաբար «դէպի թրքահայութիւն», ի մասնաւորի «դէպի պոլսահայութիւն»-ը պէտք է ըլլայ: Ըսուածը թուրքիոյ հայկական հատուածին հետ փոխըմբռնման եւ փոխյարաբերութեան աշխատանքները զարգացնելու մասին մտածում-առաջարկ մըն է: Այս սկզբունքէն մեկնելով, եւ թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն ծաւալած քաղաքացիական անհնազանդութեան ալիքին վրայ որոշ տեղեկատուական լոյս սփռելու նպատակով «Զաւարեանական Էջ»-ի յանձնախումբը նախաձեռնեց հետեւեալ հարցազրոյցը` պոլսահայ «Նոր Զարթօնք» շարժումի անդամ Սայաթ թեքիրի հետ, թէ՛ ծանօթանալու համար «Նոր Զարթօնք»-ին եւ թէ՛ որոշ բացատրութիւններ առնելու համար վերջին օրերուն յառաջացած թրքական իրավիճակին վերաբերեալ, նկատի առնելով որ «Նոր Զարթօնք»-ը այլ ուժերու կողքին Պոլսոյ Թաքսիմ Հրապարակի Կեզի զբօսայգիի ամէնօրեայ ցոյցերուն աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ: Պարտինք նշել, որ այս հարցազրոյցը անպայմանօրէն չի ներկայացներ ամբողջ պոլսահայ գաղութին կարծիքներն ու պաշտօնական կեցուածքները:

«Զաւարեանական Էջ»

Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին պարփակած ուժը հանդէս եկաւ որպէս հաւաքականութիւնը միացնող գործօն` շնորհիւ իր ընծայած հանրային տարածքին, ուր Թուրքիոյ տարբեր գաղափարախօսութիւններու պատկանող քաղաքացիները միացան նախ որպէս բնութիւնը պահպանող գործիչներ եւ ապա, լայնցնելով կարկինը, որպէս Էրտողանին քաղաքականութեան դէմ բողոքող ժողովուրդ: Այս հաւաքականութեան մաս կազմող Պոլսոյ հայ «Նոր Զարթօնք»1 շարժումին գործունէութիւնը ընկերային ցանցերուն շնորհիւ ա՛լ աւելի հասանելի դարձաւ մեզի` սփիւռքահայերուս:

«Կարծես թէ ցոյցերը կը հասնին իրենց աւարտին, քանի որ արդէն մասամբ մը հասած են իրենց նպատակներուն. առաջին օրերէն իսկ Սահմանադրական Դատարանը Կեզի զբօսայգիի քանդումին որոշումը կասեցուց: Այս անշուշտ վերջնական չէ, որովհետեւ թէեւ կառավարութիւնը տակաւին այդպիսի քայլի չէ դիմած զբօսայգին կործանելու Ա.], բայց խօսքեր կան զբօսայգիին տեղը առեւտրական կեդրոն մը հիմնելու փոխարէն` թանգարան մը կառուցելու մասին: Խորամանկ կառավարութիւն մըն է եւ Էրտողան զօրաւոր քաղաքական գործիչ մըն է, հետեւաբար դիւրին ձեւով ետքայլի չի դիմեր», ըսաւ Սայաթ Թեքիր` աւելցնելով, որ այս ցոյցերը «Թրքական գարուն» մը չեն ներկայացներ, բայց Էրտողանին կը հասկցնեն, որ ժողովուրդը իր քմահաճոյքին խամաճիկը չի կրնար ըլլալ:

Կը կարծե՞ս, որ Թուրքիան «գարուն»-ի մը պէտք ունի հարցումին, Թեքիր պատասխանեց, որ ինչպէս Լիբանան կամ Հայաստան, նոյնպէս ալ Թուրքիան պէտք ունի «գարուն»-ի: «Մենք գլխաւորաբար դէմ ենք անհաւասարութեան եւ ժողովուրդի 99 տոկոսին 1 տոկոսին կողմէն ղեկավարուելուն: Կեզի զբօսայգիին մէջ մենք արդէն մեր գարունը բերինք երգելով «Գարուն գարուն գարուն է.. Սիրուն սիրուն սիրուն է.. Վերջնական պայքարով, Կեզի զբօսայգին մերն է»: Մենք մեր գարունը բերինք հոն, բայց երկիրը տակաւին կը սպասէ իր գարնան», եզրափակեց ան:

«Նոր Զարթօնք» ցուցարարներու շարքին

Թեքիր ընդգծեց, որ զանազան յեղափոխական խումբեր գետնի վրայ են, մանաւանդ` ձախակողմեաններ ու քրտական կազմակերպութիւններ, որոնք «մեծ փորձառութիւն» ունին պետութեան դէմ պայքարելու: «Առաջին դիրքի վրայ կը գտնուին քիւրտերը, որոնք քաղաքային մարզուած միաւորներ ունին, եւ` ձախակողմեանները, որոնք Պոլսոյ մէջ հակակշռի տակ առած են ոստիկաններուն ներխուժումին դժուար շրջաններ: Քեմալական եւ ազգայնական միւս խումբերը մեծ պայքար մը չտարին»: Ան նշեց, որ կիրակի ցուցարարները Թաքսիմի հրապարակ տանող բոլոր ճամբաները անցարգելներով փակելով` հսկողութեան տակ առած էին ճամբաները:

Ինչ կը վերաբերի «Նոր Զարթօնք»-ին մասնակցութեան, ան ծիծաղելով ըսաւ, որ «Հարկաւ քիւրտերուն եւ յեղափոխականներուն նման մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ այդ, բայց իր չափին համեմատ կարեւոր դեր մը խաղաց եւ անշուշտ պայքար մը տարաւ: Երբ առաջին օրը առաւօտեան ժամը 5-ին ոստիկանութիւնը թշնամիի վրայ յարձակումի պէս գործողութիւն մը ըրաւ, «Նոր Զարթօնք»ի տղաքս հոն արդէն ներկայ էինք: Արցունքաբեր կազերու տակ պայքարելուն ինչ ըլլալը այն ատեն հասկցանք: Ցոյցերուն ամբողջ տեւողութեան ընթացքին բնաւ դուրս չեկանք Թաքսիմէն: Մենք աշխուժ էինք Մեր կեդրոնին մօտ գտնուող «Իսթիքլալ» պողոտայի (ազատութեան պողոտայ) կողմի անցարգելներուն վրայ. այս իմաստով մեր կեդրոնը տրամադրեցինք բոլոր վիրաւորներուն եւ կազդուրուիլ ուզողներուն համար: «Նոր Զարթօնք»-ին կեդրոնը նեղ փողոցի մը վրայ է, ուր բախումներ տեղի ունեցան»:

«Առաջին օրը ցուցարարներուն դրօշակները մնացին Թաքսիմի Աթաթուրքի արձանին վրայ, անոնց կարգին կար նաեւ «Նոր Զարթօնք»ի դրօշակը: Այս պահու դրութեամբ, Կեզի զբօսայգիին մէջ ունինք մեր մեծ անկիւնը, ուր զետեղած ենք հայերէն տառերով ցուցատախտակներ: Մեր անկիւնը կ՛այցելեն մեծ թիւով հայեր` թէ՛ պոլսահայեր եւ թէ՛ սփիւռքահայեր: Մեր քով եկան ու մեզի ծանօթացան Լիբանանէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն. այսօր [կիրակի, Ա.] ժամադրուած ենք Հայաստանէն արդէն Պոլիս գտնուող խումբ մը Հայաստանցիներու հետ: Այսինքն հայերէն տառերը տեսնողը կը մօտենայ բնականաբար:»

Թուրք Ազգայնականներու հետ հանդիպումներ

hrantdinkԽօսելով թուրք ազգայնական հոսանքներուն հետ յարաբերութիւն ստեղծելուն մասին` ան նշեց, որ «Նոր Զարթօնք»ին համար ալ նորութիւն էր ազգայնականներուն հետ քով քովի գալը, «Մեզի համար մեծ անակնկալ էր Թրքական դրօշակ բռնած երիտասարդներուն մեր վրաններուն մօտ գալն ու մեր պաստառներուն լոզունգներուն իմաստը հարցնելը: Դրօշ բռնած մօտաւորապէս 100 մարդ մօտեցաւ եւ Ս. Յակոբ գերեզմանի մեր ցուցանակներուն առջեւ նկարուեցաւ: Այս մէկը զարմանալի մթնոլորտ մըն է բոլորին համար: Թէեւ պէտք է նկատի առնել, որ բոլոր անոնք, որոնք թրքական դրօշակ կը ծածանեն, անպայմանօրէն ազգայնամոլներ չեն. դրօշ կրելը պարզ բան մըն է եւ յատուկ գաղափարախօսութիւն մը չ՛ենթադրեր»: Ան շարունակեց` ըսելով, որ տեղի ունեցան դրօշ այրելու դէպքեր, որոնք պետական հեռատեսիլի մամուլի կատարած դրդումներն են` ցուցարարներուն միջեւ պառակտումներ ստեղծելու միտումով: «Պետութիւնը այսպէս բաներով զբաղած է, չի գիտեր` ինչ ընել, որ խաղաղ ցուցարարներուն իրար դէմ լարէ, օրինակ` ազգայնականներն եւ քիւրտերը» ընդգծեց ան:

Երբ հարցուցինք, թէ ճի՞շդ է որ հակահայ ու հայատեաց լոզունգներով ցուցանակներ կան բազմութեան մէջ, ան պատասխանեց, որ չեն հանդիպած այդ երեւոյթին, իսկ եթէ հանդիպին, բնականաբար պիտի հակազդեն ատոր, ինչպէս որ իրենց վրաններուն շուրջ կայացած զրոյցի մը ընթացքին, ուր մէկ առ մէկ խօսք առած են երկու կողմերէն- «Նոր Զարթօնք»-ը գանգատած է ցուցարարներուն` հայութիւնը որպէս հայհոյանք գործածելուն երեւոյթին եւ յստակացուցած են այս ազգայնամոլ կեցուածքին անընդունելիութեան մասին: «Մենք հոն ենք եւ մեր հայերէն տառերով ցուցանակները առանց որեւէ հարցի կախած ենք ամէն կողմ: Բարձրաձայն հայերէն երգեր կը դնենք, «Նոր ռատիօ»-ն2 կը լսենք: Բոլորը շատ լաւ ընդունեցին մեր ըսածները եւ խոստացան հետապնդել [ազգայնամոլութեան, Ա.] հարցը, իսկ որպէս զօրակցութիւն մեր խումբին` թուիթըրի մէջ «Կը սիրենք Նոր Զարթօնքը» անունով հաշթակ մը տարածելու նախաձեռնեցին: Անոնք տեսան մեզ, որ իրենց կողքին կը պայքարինք ցոյցերուն առաջին օրէն, ինչ որ շատ մեծ ազդեցութիւն ձգեց բոլոր կողմերուն մօտ»:

«Նոր Զարթօնք»-ին ազատամիտ դիրքը

nor-zartonk«Նոր Զարթօնք»-ը 2010 թուականէն ի վեր կը մասնակցի զանազան ցոյցերու եւ այլեւս կարելիութիւնը ունինք փողոց ելլելու: Մայիս 1-ին ցոյցերուն մեր զօրակցութեան համար Թուրքիոյ յեղափոխական-ընկերվարական-համայնավար խումբերուն մէջ մեր յարգուած տեղը ունինք: Եթէ երկրին մէջ հայերուն վերաբերեալ դէպք մը պատահի, յարձակում մը կատարուի կամ հայկական յատկանշական թուական մը զուգադիպի, ինչպէս` ապրիլ 24 կամ յունուար 19, բոլոր այս խումբերը կու գան եւ կը զօրակցին մեզի: Ճանչցուած ենք թէ՛ այս ձախակողմեան զանգուածներուն մօտ եւ թէ՛ հայ համայնքին մօտ»:

«Մենք նաեւ մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու կարեւորութիւնը կը շեշտենք: Երբ վարչապետը ըսաւ, որ քաղաքացիները չեն գիտեր պատմութիւնը եւ պէտք է այդ զբօսայգիին տեղը նախապէս գոյութիւն ունեցող զինանոցը վերակառուցել, մենք անմիջապէս պատասխանեցինք, որ դուք ալ չէք գիտեր պատմութիւնը, քանի որ զինանոցէն առաջ, 1551-էն մինչեւ 1939, Ս. Յակոբ գերեզմանատունը եղած է այս տարածքին վրայ: Մենք ըսինք, այո՛, դուք առիք մեր գերեզմանատունը, բայց զբօսայգին պիտի չտանք:»

«Նոր Զարթօնք»-ը եւ պոլսահայերը

Թեքիր խօսեցաւ շարժումին եւ շարժումին մաս չկազմող պոլսահայութեան մասին` ըսելով, որ «Անշուշտ ամբողջ գաղութը համամիտ չէ մեզի հետ, եւ շատ մը հայերու համար նախընտրելի է զուսպ մնալ եւ չխառնուիլ նման իրադարձութիւններու»: Անդրադառնալով Կեզի զբօսայգիին ցոյցերուն մասին` ան ըսաւ, որ որոշ շարժում մը կատարուեցաւ նոյնիսկ անոնց մօտ. անոնցմէ շատեր, օրինակ, գիշերները պատուհաններուն առջեւ ամաններուն հարուածելով աղմուկ բարձրացնելով եւ կամ լոյսերը վառել մարելով իրենց տուներէն` աւելի «ապահով ձեւով մասնակցեցան» ցոյցերուն: «Մեզի համար ասիկա կը մնայ հանգիստ պայքարի սահմաններուն մէջ: Տունէն չիջնելով ապահով դիրքէ բան մը ընել: Բայց անշուշտ այդ ալ բան մըն է» ըսաւ ան` աւելցնելով, որ` «Հայ ցուցարարներուն մեծ մասը երիտասարդներն են: Մեր նախորդ սերունդը շատ բան տեսած եւ վախցած է, տասը տարին անգամ մը գլխուն վատ աղէտ մը եկած է, ուրեմն բնական է որ չուզեն բախումներու երթալ, բայց մեզի համար այդպէս չէ, մենք մաս կը կազմենք Պոլսոյ լայն երիտասարդական զանգուածներուն: Մենք աշխարհին աւելի բաց ենք, Թուրքիային ալ աւելի բաց ենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօ՞ք այս ցոյցերը հայերը աւելի մօտեցուցին թուրքերուն, ան ընդգծեց, որ այդ մէկը չի կրնար հաստատել: «Միայն կրնամ ըսել, որ զբօսայգիին մէջ մեր անընդհատ ներկայութիւնը առիթ ընծայեց, որ բազմաթիւ երիտասարդներ ծանօթանան մեզի եւ հայերուն մասին նոր բաներ սորվին: Անշուշտ ժողովուրդին հարիւր տոկոսը ներկայ չէր ցոյցերուն, բայց ան, որ հոն էր, ըլլայ ազգայնամոլը կամ քեմալականը, բոլորն ալ տեսան մեզ եւ մեր ներկայութիւնը զգացին:

Գործունէութիւնը կը ծաւալի

«Նոր Զարթօնք»-ը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ վեց տարիէ ի վեր, որմէ առաջ երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցած է միայն որպէս համացանցային հաղորդակցութեան ե-նամակի խումբ, ուր սահմանափակ խումբով մտաւորականներու միջեւ կը քննարկուէր համայնքի վերաբերեալ նիւթեր եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներ: «Նոր Զարթօնք» անուանուած է, քանի որ իր հիմնադրութեան թուականը, 2004-ը, Պոլիս կեդրոնացած հայութեան համար նոր զարթօնքի շրջան մըն էր: «Զարթօնք եզրը յատկապէս օգտագործած ենք 19-րդ դարու մեր զարթօնքին որպէս մատնանշում: Հիմնական խնդիրը ե-նամակէն դուրս գալն էր եւ քաղաքական գետնի վրայ աշխուժ դառնալն էր: Նախքան Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, իրեն ալ դիմած էինք ժողովրդավար խմբակցութիւն մը կազմելու աշխատանքներու գծով, բայց դժբախտաբար Հրանդ Տինքի սպաննուիլը դարձաւ մարդոց իրարու քով բերող գործօնը, եւ իսկական աշխուժութիւնը այն ժամանակ սկսաւ միայն: Սկզբնական շրջանին, հարցախոյզ մը պատրաստած էինք Թուրքիոյ հայերուն քաղաքական արեւելումին վերաբերեալ, կը կազմակերպէինք բանախօսութիւններ, կամաց -կամաց ոտքի ելլելով` սկսանք մասնակցիլ ցոյցերու եւ այդ ոչ միայն հայերուն վերաբերող նիւթերով, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ճնշուած միւս փոքրամասնութիւններուն: Հիմա հասած ենք այն կէտը, ուր կարողութիւնը ունինք ըսելու «40 օր Մուսա Լերան վրայ, 13 օր Կեզի զբօսայգիին մէջ»… կը շարունակենք պայքարիլ»:

«Նոր Զարթօնք»-ի տեսլականը

«Մենք կ՛ուզենք փոխել Թուրքիոյ ներկայ համակարգը եւ կը հաւատանք, որ այդ փոփոխութեան մէջ է հայերուն փրկութիւնը, բայց անշուշտ միայն հայերուն փրկելով ալ համակարգը չի փոխուիր: Հարկ է բոլոր փոքրամասնութիւններուն, խմբաւորումներուն եւ դասակարգերուն փրկութեամբ գայ ժողովրդավար նոր համակարգ մը: Այդ նպատակով ալ հիմնած ենք «Նոր Ռատիօ» համացանցային ձայնասփիւռը, որուն ոչ բոլոր հաղորդավարերը «Նոր Զարթօնք»-ի անդամներ են, քանի որ 9 լեզուով ծրագիրներ ունինք, ինչպէս որ արդէն կը յարմարի մեր նպատակներուն: Շարժումը սերտ կապեր ունի Հայ մշակոյթի զօրակցութեան միութեան3 հետ, որուն հիմնադիրներէն շատերը «Նոր Զարթօնք»-ի ալ անդամներ են:»

«Չենք ուզեր սահմանափակուիլ հայկական հարցերով, օրինակի համար` Ցեղասպանութեան մասին միշտ գործունէութիւն ունինք, բայց նաեւ` բնապահպանումը, կիներու իրաւունքներու հարցը, հասարակութեան մէջ սեռային դերերը, միասեռականներու իրաւունքներն ալ նոյնքան կը հետաքրքրեն մեզ. ազատամիտ ենք այդ առումով: Մեր գաղափարները կը տարածենք մեր կայքէջի եւ «Նոր Ռատիօ»-ի միջոցով: Վերջերս սկսած ենք հրատարակել «Նոր Զարթօնք» անունով թերթ մը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ անցեալ ամիս, եւ որուն յօդուածներուն մեծամասնութիւնը թրքերէն է, որպէսզի մեր գաղափարները եւ մեր ձայնը ընդհանուր թրքական հասարակութեան հասնի»:

«Միութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը հայեր են, եւ ունինք մեծ թիւով ոչ հայ բարեկամներ, որոնք կը զօրակցին մեզի եւ կը մասնակցին մեր կազմակերպած ցոյցերուն, որուն գրեթէ հայերուն չափ ալ ոչ հայեր կու գան, ինչպէս` թուրքեր, քիւրտեր եւ ալեւիներ. օրինակ երբ Տիգրանակերտի մէջ ցոյց մը կազմակերպեցինք, մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը քիւրտեր էին: Մեր կեդրոնին ամէնէն շատ գործունեայ եւ աշխուժ կորիզը 25-30 հոգի կը հաշուէ, թէեւ մեծ թիւ մը չէ, բայց մեր ամէնէն պզտիկ ցոյցը 100-200 հոգիով կը կատարուի: Պատահած է նաեւ, որ 6000 հոգիով ցոյցի ելած ենք, այդ ալ կախում ունի ցոյցին նիւթէն, հարցեր կան, որոնք աւելի մարդ կը հաւաքեն բնականաբար»:

Սայաթ Թեքիր աւելցուց, որ` «Մենք ազատ խումբ մըն ենք, կապուած չենք որեւէ քաղաքական ուժի: Դժբախտաբար կապեր չունինք սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հետ, կամ նոյնիսկ` հայաստանեան կազմակերպութիւններուն հետ: Մենք բաց կազմակերպութիւն ենք, պատրաստ ենք նոյնիսկ համագործակցելու, այնքան ատեն որ մեր նպատակները եւ գաղափարախօսութիւնները կը համընկնին»:

«Նոր Զարթօնք»-ը եւ սփիւռքը

«Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է նաեւ մեր ընտանիքներուն մէջ եւ թրքական կառավարութեան ատոր ժխտման քաղաքականութիւնը նաեւ ուղղուած է մեր դէմը անշուշտ, սակայն, ի տարբերութիւն սփիւռքին, մենք միասին կ՛ապրինք Ցեղասպանութիւնը հերքողներուն հետ: Անդին, չենք կրնար զանց առնել ձախակողմեան դասակարգերը, որոնց հետ կը համագործակցինք»:

«Մենք, որպէս «Նոր Զարթօնք», պէտք է գործակցինք սփիւռքեան եւ հայաստանեան կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի կարենանք միատեղ կեցուածքներ ունենալ եւ ձայն բարձրացնել միասին: Գիտենք, որ նախապաշարումներ կան պոլսահայերուն նկատմամբ, թէ ինչո՛ւ տակաւին Թուրքիա կ՛ապրինք: Մեզի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ դուրս չենք գար, մենք ալ կը պատասխանենք, որ կը մնանք, որպէսզի պայքարինք Ցեղասպանութեան ճանաչողութեան համար ներսէն, բայց նաեւ` այլ իրաւունքներու համար: Մենք պիտի մնանք հոս եւ պիտի պայքարինք ոչ միայն հայերու իրաւունքներուն համար, այլ ընդհանրապէս այս երկրին ժողովրդավար դառնալուն համար»:

1 www.norzartonk.org
2 www.norradyo.com
3 www.ermenikultur.org

ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐԱԶ
9 June 2013

aztagdaily.com