Aztag Daily: «Կեզիի Ցոյցերուն Ընթացքին Բռնութեան Դիմելու Շուրջ Անկողմնակալ Եւ Անկախ Հետաքննութիւն Պէտք Է Կատարել» Կը Թելադրէ Մուզնիքս

nils-muizneksԵւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնակատար Նայլզ Մուզնիքս յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ Կեզիի ցոյցերուն ընթացքին անհամաչափ ուժի օգտագործումը պէտք չէ առանց պատիժի մնայ»:

Ան աւելցուց, որ «ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործման բոլոր պարագաները պէտք է ամբողջական կերպով հետաքննութեան ենթարկուին եւ անոնց վերաբերեալ յարմար պատիժներ ճշդուին»:

Կեզիի ցոյցերն ու մարդկային իրաւանց այլ հարցեր քննարկելու նպատակով Թուրքիա կատարած հնգօրեայ իր այցելութեան աւարտին Մուզնիքս նշեց, որ «ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի օրէնքին, ապահովական ուժերու կողմէ վատ վարմունքին շուրջ յարմար հետաքննութիւն չկատարելը մարդկային իրաւանց բռնաբարում մըն է»` շեշտելով, որ «պէտք է վերջին ցոյցերուն ընթացքին ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն բռնութեան կիրարկման դիմելու հարցին շուրջ անկողմնակալ, ազդու եւ անկախ հետաքննութիւն կատարել»:

9 July 2013
aztagdaily.com