Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը 5-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Թաքսիմի Ցուցարարներէն Ներում Կը Հայցէ Եւ Ցոյցերուն Վերջ Տալ Կը Պահանջէ

«Նոր զարթօնք»-ի գործիչներ` Թաքսիմի հրապարակին մէջ. «Մեր գերեզմանատունը առիք, բայց մեր զբօսայգին պիտի չկարենաք առնել»

«Նոր զարթօնք»-ի գործիչներ` Թաքսիմի հրապարակին մէջ. «Մեր գերեզմանատունը առիք, բայց մեր զբօսայգին պիտի չկարենաք առնել»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հրաւէրով այցելեց նախագահական պալատ` քննարկելու համար երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն հարցը:

45 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք Արընչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «դրական հանդիպում մը ունեցանք: Նախագահին թելադրանքները ստացանք եւ տեսակէտներ փոխանակեցինք»:

Խօսելով ցոյցերուն մասին` ան յայտնեց, որ Կեզի այգիի հարցով սկզբնական ցոյցերը «արդար ու օրինական» էին, եւ այդ ցոյցին կազմակերպիչներուն հետ հանդիպում մը առաջարկեց եւ Թաքսիմի ճակատագիրին շուրջ հանրաքուէի կարելիութեան մասին խօսեցաւ: Ան նաեւ անասուններու պաշտպաններու մտահոգութեանց ականջ տալու պատրաստակամութիւն յայտնեց, սակայն նշեց, որ «ահաբեկչական տարրեր» ցոյցերուն գլուխ անցած են, եւ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց «այսօր» (երէկ) ցոյցերուն վերջ տալու:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ նշեալ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր առաւօտեան ժամը 11:00-ին:

«Չափազանցուած ուժի օգտագործումը մարդոց դէմ, որոնք սկիզբը այս ցոյցին սկսան կենսոլորտը պաշտպանելու նպատակով, սխալ էր եւ անարդար: Ուստի այդ քաղաքացիներէն ներում կը հայցեմ», ըսաւ ան, սակայն աւելցուց, որ «չեմ կարծեր, որ պէտք է ներում հայցենք անոնցմէ, որոնք փողոցներուն մէջ պետական կալուածներ կը քանդեն եւ անոնցմէ, որոնք փողոցներուն մէջ մարդոց ազատութիւնը կ՛արգելակեն»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը յայտնեց, որ ցոյցերը երկրին աւելի քան 70 միլիոն թրքական լիրա վնաս պատճառած են:

Արընչ ըսաւ, որ կառավարութիւնը հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահէ որեւէ որոշումի, ներառեալ` Թաքսիմ հրապարակին վերաբերող որոշումի մը մանրամասնութիւններէն եւ մարդոց տեսակէտներուն ականջ պիտի տայ:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպումի հրաւիրեց Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշը: Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ Կիւլ քաղաքական կուսակցութեանց պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալով «ժամանակ պէտք չէ վատնէ», այլ աշխատանք պէտք է տանի Թաքսիմի ցոյցերուն պատճառով ստեղծուած լարուած մթնոլորտը հանդարտեցնելու:

Նշենք, որ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երկուշաբթի գիշեր այցելած էր Կիւլի եւ հանդիպումէն ետք յայտնած, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վատթարացող տագնապը վնասազերծելու եւ ընկերային խռովութիւնը հանդարտեցնելու փոխարէն Թաքսիմի ցոյցերուն առնչութեամբ կառավարութեան վերաբերմունքին համար պէտք է ներում հայցէ: Ան Էրտողանը նկատեց անպատասխանատու ղեկավար մը` նշելով, որ «վարչապետին օգտագործած լեզուն դէպքերը մագլցումի մղեց` զանոնք հանդարտեցնելու փոխարէն»:

Կիւլ իր կարգին երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ «ժողովրդավարութիւնը միայն քուէարկութիւն չէ: (Ցուցարարներուն փոխանցած) պատգամը հասաւ: Պէտք եղածը պիտի կատարուի»:

Ձախակողմեան Քեսք աշխատաւորական համադաշնակցութիւնը, որ 240 հազար աշխատաւորներ կը համախմբէ, կառավարութիւնը «պետական ահաբեկչութեան» յանցանքով ամբաստանեց եւ երկօրեայ գործադուլ մը յայտարարեց` առ ի զօրակցութիւն ցոյցերուն: Յառաջդիմական աշխատաւորական միութեանց համադաշնակցութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ պիտի միանայ գործադուլին:

Մինչ ցոյցերը երէկ եւս շարունակուեցան, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամ մը Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ երկուշաբթի օր ցոյցի մը ժամանակ տեղի ունեցած հրացանաձգութեան մը ընթացքին վիրաւորուելէ ետք մահացաւ:

5 June 2013
aztagdaily.com