Aztag Daily: Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցի Ալիքը 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի. Էրտողան Բազմահազար Ցուցարարները «Գրգռիչներ» Կը Նկատէ

istanbul1-300x181Հարիւրաւոր ցուցարարներ երէկ վերադարձան Պոլսոյ եւ Անգարայի փողոցները` շարունակելով ուրբաթ օրուընէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին 2 զոհ ու հազար վիրաւոր արձանագրուեցաւ եւ շուրջ հազար անձեր ձերբակալուեցան:

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցած ցոյցը ընդհանուր առմամբ խաղաղ էր, սակայն Անգարայի Քըզըլայ հրապարակին վրայ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց ցուցարարները ցրուելու համար:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ ցուցարարները կը փորձեն ժողովրդավարութիւնը ականահարել: Ան երէկ Օսմանեան արխիւներու շէնքի նոր բաժանմունքի մը բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա վերջին քանի մը օրերուն ցաւալի «գրգռութիւններու» ականատես կը դառնայ: «Նախկին կառավարութիւններուն նման, մենք դարձեալ ականատես կը դառնանք կառավարութիւնը ընկճելու համար քաոս ստեղծելու ջանքերու: Գլխաւոր ընդդիմութիւնը (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը. «Ա.») եւ ուրիշներ, որոնք հասկցան, թէ քուէատուփի ճամբով յաղթանակ պիտի չարձանագրեն, այս ցոյցերը կը հրահրեն», ըսաւ ան:

istanbul2-300x293Թուրքիոյ վարչապետը պնդեց, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ վիճայարոյց ու ցոյցերուն պատճառ դարձած շինարարութիւնը պիտի շարունակուի եւ ատոր վրայ ծրագրուած օսմանեան ժամանակաշրջանի Թոփչու զօրանոցի կրկնօրինակը պիտի կառուցուի հակառակ ցուցարարներու կամքին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը Թաքսիմի մէջ նաեւ Օփերա մը եւ մզկիթ մը պիտի կառուցէ: «Մենք ատիկա կատարելու համար Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան արտօնութեան կարիքը չունինք: Մենք արդէն մեզի թեր քուէարկածներուն արտօնութիւնը ունինք»:

Ան նաեւ պատասխանեց այն ակնարկներուն, որ ինք Թաքսիմի Կեզի այգիի հարցին շուրջ իր յայտարարութիւններուն մէջ գրգռիչ ոճ օգտագործած է` յայտնելով, որ «ես պարզապէս ծառայ մըն եմ: Գրգռելու պէտք չունիմ»:

Էրտողան մերժեց ցուցարարներուն այն պնդումը, թէ ինք «բռնատէր» մըն է` նշելով, որ ինք պարզապէս անհատ մըն է, որ «իր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած է»:

«Անոնք մայթերը կը քակեն եւ տեղւոյն խանութներուն ապակիները կը փշրեն. ասիկա ժողովրդավարութի՞ւն է», հարց տուաւ ան:

Նշենք, որ Էրտողան շաբաթ օր ընդունեց, որ ոստիկանութեան կողմէ «կարգ մը սխալներ գործուած են, եւ չափազանցուած հակազդեցութիւն ցուցաբերուած է»:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Էրտողանէն պահանջեց ցուցարարներուն դէմ չափազանցուած ուժ օգտագործելու համար թուրք ժողովուրդէն ներում հայցելու:

Ան նշեց, որ «անձ մը ժողովուրդին կամքին հակառակ չի կրնար իշխել, ժողովուրդը մեծագոյն ուժն է, եւ Էրտողան պէտք է անկէ ներում հայցէ»:

istanbul3-300x186Քըլըճտարօղլու ըսաւ, որ Թաքսիմի ցուցարարներուն իր կատարած այցելութիւնը «առիթի օգտագործում չէր»` նշելով, որ «իբրեւ պարզ քաղաքացի մը գացի ցուցարարներուն զօրակցելու, այս ցոյցը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեանը չէ, ասիկա ժողովուրդին բողոքի ցոյցն է, եւ մենք մեր կուսակցութեան դրօշները մեզի հետ չտարինք»:

Նշենք, որ շաբաթ օր 48 նահանգներու մէջ 90 ցոյցեր տեղի ունեցան եւ 936 անձեր ձերբակալուեցան:

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնեցին ցոյցերուն ընթացքին որդեգրուած քայլերուն առնչութեամբ եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին` խօսքի ազատութիւնը յարգելու: Մարդկային իրաւանց Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը եւս սուր կերպով քննադատեց Էրտողանի կառավարութիւնը:

Միւս կողմէ, շուրջ 1800 անձեր շաբաթ օր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Էրտողանի կառավարութեան դէմ եւ Պոլսոյ մէջ ցուցարարներուն զօրակցական քայլարշաւ մը կատարեցին: Անոնք թրքական դրօշներ բարձրացուցած էին, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Դիմացի՛ր Կեզիի այգի, Վիեննան քու կողքիդ է» եւ «Պոլիսը առանձին չէ»: Կարգ մը ցուցարարներ կոչ ուղղեցին «ոստիկանութեան բռնարարքները դադրեցնելու», իսկ ուրիշները կը բացագանչէին «մարդասպան Էրտողան»:

Աւստրիական ոստիկանութիւնը նշեց, որ ցոյցը աւարտած է խաղաղ կերպով:

Նշենք, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտարարեց, որ «Էրտողան պէտք է իր ժողովուրդին կամքը յարգէ եւ մեկնի Տոհա, որ թերեւս զինք կ՛ընդունի»:

3 June 2013
aztagdaily.com