Aztag Daily: «Եթէ Հրեայ, Հայ Կամ Յոյն Էք, Հասկացողութեամբ Կը Դիմաւորեմ Կեզի Պարտէզի Ձեր Արարքը»

Եըլտըզ թեքնիք համալսարանի արուեստի բաժանմունքի նախագահ փրոֆ. Ահմեթ Աթան բազմաթիւ շրջանակներու զայրոյթը իր վրայ հրաւիրեց «Թվիթթեր»-ի մէջ Կեզի հանրապարտէզի դիմադրականներուն դէմ գրելով տգեղ գրութիւն մը: Ըստ հաղորդուած լուրերու, փրոֆ. Ահմեթ Աթան, քննադատելու համար այն անձերը, որոնք Կեզի հանրապարտէզը գրաւեցին ու պաշտպանեցին, գրած է հետեւեալը.

«Եթէ հրեայ, հայ կամ յոյն էք, հասկացողութեամբ կը դիմաւորեմ Կեզի պարտէզի արարքներուն մէջ ձեր դեր կատարելը: Խնդրեմ, ձեր արմատը պրպտեցէք անգամ մը»:

Թվիթթերի էջերուն մէջ մեծ զայրոյթ յառաջացուց փրոֆ. Ահմեթ Աթանի այս գրութիւնը, որով ան ըսել կ՛ուզէ, որ միայն հրեաները, հայերն ու յոյներն են, որ կրնան այսպիսի խառնակիչ դեր կատարել, ուստի անոնք, որոնք այս արարքին մասնակցեցան, թող պրպտեն իրենց անցեալը, չըլլա՛յ որ անոնք ալ հրեայ, հայ կամ յոյն ըլլան, այնքան որ, Ահմեթ Աթան ստիպուեցաւ ետ առնել իր գրածը: Բայց նետը անգամ մը արձակուած էր: Շատեր «Թվիթթեր»-ի էջերուն մէջ պախարակեցին յիշեալ «ակադեմական»-ը ու զայն ամբաստանեցին ցեղապաշտութեան յանցանքով: Համալսարանին տեսչութիւնն ալ լուսաբանութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ, որ իրենց «հոճա»-ին «Թվիթթեր»-ի մէջ գրածները միայն զինք կը ներկայացնեն, միայն անոր գաղափարները կը ցոլացնեն:

Իսկ Ահմեթ Աթան իրեն դէմ ստեղծուած այս բուռն քննադատութեան դիմաց «Հիւրրիյէթ» թերթին խօսեցաւ ու ըսաւ, որ ինք այս գրութիւնը գրած էր պարզապէս որպէս ազդարարութիւն մը, որպէսզի չըլլա՛յ որ կրկնուի այն սխալը, որ գործուեցաւ 1908 թուականին: «Ասիկա ազդարարութիւն մըն էր, որ ըրի, որպէսզի մեր երկրին վնաս չպատճառեն այն մարդիկը, որոնք տարբեր նպատակներով իբրեւ պատրուակ կը գործածեն Կեզի հանրապարտէզը եւ կ՛աշխատին խառնակութիւն ստեղծել մեր երկրին մէջ», ըսաւ ան: Աւելցուց, որ ինք ոչ մէկը իբրեւ թիրախ ցոյց տուաւ եւ պնդեց, որ բոլոր այս արարքները կը ղեկավարուին միակ կեդրոնէ մը: Բայց որեւէ բացատրութիւն չտուաւ այն մասին, թէ ինչո՞ւ այս խնդրին մէջ ժխտական մերձեցումով գործածած էր հրեաներու, հայերու ու յոյներու անունները:

3 July 2013
aztagdaily.com