Aztag Daily: Գարունը Ժամանած Է Թուրքիա

tsuyts1-300x195Օրհան Փամուքի նկարագրած ցուրտէն, փուքէն ու սառնամանիքէն` «ձիւն»-էն ետք դժուար ու բարդ է ամենայն իրապաշտութեամբ նկարագրել գարունը… «թրքական գարունը», որ ժամանած կը թուի ըլլալ:

Արդէն իսկ նոյնինքն Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարար ամբոխը սկսած է բաղդատութիւն մը կատարել Գահիրէի Թահրիր (ազատութիւն) հրապարակին վրայ յունուար 2011-ին սկսած Եգիպտոսի գարնան հետ:

Հոս տարբեր են պայմաններն ու անոնց ետին կանգնող ղեկավարները: Թուրքերուն Մուպարաքը` վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է, որ իր կարգին լրջօրէն կը տառապի մեծամոլութեան բարդոյթէ:

Քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս քանդիչ այս հիւանդութիւնը ղեկավար Էրտողանին տարած է այնպիսի ծայրայեղութեան մը, որ ան յառաջիկայ տարեշրջանին որոշած է նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ այդ ալ` փոփոխութեան ենթարկուած սահմանադրութեամբ մը, ուր երկրին ղեկավարութիւնը փոխան աւելի ժողովրդավարական կանոններով առաջնորդուող` խորհրդարանական բնոյթ ունենալու, ստացած է նախագահի միահեծան ղեկավարութեան դրութիւնը… այսինքն` օ՛ն, դէպի մենատիրութիւն եւ բռնատիրութիւն:

Պոլիս եւ Էրտողան կապը… հին պատմութիւն է: Դեռ քսան տարի առաջ քաղաքապետ Էրտողան ամրօրէն շինած էր իր «վոհմակ»-ը, որ ցայսօր կը գործէ ի շահ քաղաքի արդիականացման եւ անշուշտ սեղմ շրջանակի մը «գրպաններ»-ու լիցքաւորման:

Հաւաքները սկսած էին Թաքսիմի մօտակայ Կեզի հանրային պարտէզին շուրջ, յատկապէս` բնութեան պաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք ժամանած էին եւ ազդանշանը տուած` իրենց «սիթ-ին»-ին, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը որոշած էր մայրաքաղաքի այդ կանաչ անկիւնն ու քանի մը ծառերը փոխարինել առեւտրական հսկայ համալիրով:

Էրտողանի ղեկավարութիւնը փորձած էր համոզել այս բնութենապաշտները, թէ այդ «քաղաքի մեկուսացած ծառեր»-ուն վնաս պիտի չհասցուէր, այլ պարզապէս պիտի փոխադրուէին կամ «տարագրուէին» (ըստ երեւոյթին, տարագրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ մասնագիտութիւն` թուրք ղեկավարութեան մօտ) այլ վայրեր:

Սակայն այդ քանի մը արմատախիլ եղած ծառերուն ետին կար այլ իմաստ, այլ հասկացողութիւն: Պոլսեցին ձանձրացած էր այս արդիականացման որոշումներէն եւ հետզհետէ սկսած էր գիտակցիլ, թէ քաղաքը կորսնցուցած է իր իսկական կառոյցն ու պատկերը: Այսպէս կառչած իր արմատներուն` ան որոշեց բողոքի դրօշ բարձրացնել:

Բնականաբար ամբոխին թիւը բարձրացած էր եւ դեռ ալ պիտի բարձրանայ:

…Եւ այս ամբոխը կոչել ահաբեկիչ խմբաւորումներ կամ խուլիկաններ… Չէ՛, հոս Էրտողան ինքն իր ծուղակին մէջ ինկած կը թուի եւ իր արձակած պումերանկն ալ` վերստին դիմաւորած: Ինք լաւապէս քաջատեղեակ է, թէ որո՞նք են իսկական ահաբեկիչները, եւ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ ու ի՞նչ ճամբաներով կարելի եղած է այս բջիջները… Սուրիա փոխադրել:

Վերջապէս, հետզհետէ անորոշութիւն եւ երկմտանք կը տիրէ այս ամբոխին դէմ դիմադրող տեղւոյն ոստիկաններուն մօտ, որոնց տարազներուն վրայ տեղադրուած է իրենց նշանաբանը` «Ծառայել ժողովուրդին»:

… Գարնան ժամանումով անոնք որքա՜ն պիտի շարունակեն «ծառայել ժողովուրդին»…

18 June 2013
aztagdaily.com