Azad Or: Թուրքիոյ մէջ 10 օրերէ ի վեր՝ լարուած վիճակ

azadԹուրքիոյ ամբողջ տարածքին 15 օրերէ ի վեր կը տիրէ շատ լարուած վիճակ: Այժմ շնորհիւ որոշ կառավարական ղեկավարներու շինիչ յայտարարութիւններուն՝ վիճակը բարելաւուած եւ մըթնոլորտը հանդարտած կþերեւի ըլլալ, բայց յայտնի չէ եթէ, կամ ինչպէս, իրենց

աւարտին պիտի հասնին ցոյցերը, քանի որ վարչապետ Էրտողան չի հրաժարիր իր խիստ կեցուածքէն:

* * *

Էրտողանի իսլամամէտ քաղաքականութիւնը կիրարկող ԱՔ կուսակցութեան գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն սկսեալ՝ Աթաթիւրքի մտայնութեան հետեւորդ աշխարհիկ հակառակորդներու եւ քեմալականներու կողմէ իր դէմ մղուած շատ մեծ հակառակութիւն մը կար: Իր կուսակցութեան դէմ քանիցս սադրանքներ ծրագրեցին որպէսզի զինք տապալեն: Նախ բանակը յուշագիր մը տուաւ կարծելով, թէ կառավարութիւնը պիտի հրաժարի: Աւելի վերջ Սահմանադրութեան Ատեանի մօտ դատ բացուեցաւ, որպէսզի կուսակցութիւնը բոլորովին փակուի, բայց բոլոր այս ծրագիրներէն ետք վարչապետ Էրտողան միշտ աւելի զօրացած դուրս եկաւ: Իրար յաջորդող երեք ընտրութիւններ շահեցաւ ան եւ իր իշխանութեան տասնըմէկ տարուայ ընթացքին, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ երկրի ժողովրդավարութեան մէջ շատ մեծ բարելաւումներ ըրաւ: Զօրանալով իր դիրքին վրայ, ան աւելի ինքնավստահ դարձաւ եւ իր ոճը սկսաւ խստացնել՝ տարբեր մտածողներուն դէմ։ Այս վիճակը հետզհետէ աւելի մեծ անհանգստութիւն պատճառեց իր հակառակորդներուն մօտ, որովհետեւ անոնք կը վախնային որ իրենց ապրելակերպը ի վերջոյ փոփոխութեան պիտի ենթարկուի եւ ազատութիւնները պիտի սահմանափակուին։

Վերջին քանի մը ամսուան մէջ, Էրտողան իր ոճը շատ աւելի խստացուց. նախ ոգելից ըմպելի խմողները գինեմոլներ կոչեց, ապա ոգելից ըմպելիի դէմ պայքարի նոր եւ աւելի խիստ օրէնք մը որդեգրեց: Կրնայ ըլլայ որ ճիշդ էր այդ օրէնքը, որ կը տիրէ նաեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, բայց երբ հին օրէնքի հեղինակները «երկու գինեմոլ անձեր» անուանեց, յայտնի դարձաւ որ այդ խօսքը ըսած էր Աթաթիւրքի եւ Իսմէթ Ինէօնիւի հասցէին: Յետոյ խօսք եղաւ թէ պետական հաստատութիւններու անուններուն առջեւ գտնուող «T.C.»՝ Թրքական Հանրապետութիւն անունը վերցնելու ծրագիր մը կար: Աւելի վերջ Պոլսոյ երրորդ կամուրջը անուանեց Սուլթան Եաւուզ Սելիմի անունով, որը պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս Ալեւի դաւանանքի պատկանողներու ջարդարարը: Նկատի առած որ Թուրքիոյ մէջ կան շուրջ 20 միլիոն Ալեւիներ, իր այս որոշումը անհանգստութիւն պատճառեց Ալեւիներու մօտ եւս: Յետոյ յայտարարեց թէ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, ¬որ Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հրապարակ մըն է աշխարհիկ Աթաթիւրքի մասին¬, մըզկիթ մը պիտի կառուցէ, ճիշդ դիմացը գտնուող եւ պատմական արժէք ներկայացնող յունա
ց Այիա Թրիատա եկեղեցիի կողքին։ Ըստ այդ ծրագրին, յունաց եկեղեցւոյ գեղեցկու¬ թիւնը խափանող շրջակայքի խրտուիլակ խանութները պիտի աւերէ, յունաց պատրի¬ արքի համամտութեամբ, ապա եկեղեցին ու մզկիթը միացնող կառուցուածք մը պիտի կառուցէ, որ պիտի դառնայ միջկրօնային եղբայրութեան խորհրդանիշ:

Ծրագիրները հոն չկեցան։ Այլ ծրագիրներու հիմամբ՝ Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնը, ¬որը այժմ անգործութեան մատնուած է հնութեան պատճառով¬, վերակառուցման պիտի ենթարկէ, նոր ու արդիական մշակութային կեդրոն մը շինելու համար, ինչպէս նաեւ վերաշինութեան պիտի ենթարկէ Կէզի զբօսավայրին վրայ 1780 թուականին Գրիգոր Պալեանի կողմէ շինուած, բայց աւելի վերջ 1940 թուականին աւերուած Թաքսիմի պատմական զօրանոցը: Այդ օրէն սկսեալ, Կէզի զբօսավայրին վրայ զօրանոցի շինարարութեան ընդդիմացող ժողովուրդը եւ զանազան կազմակերպութիւններ սկսան ցոյցեր կատարել, պահանջելով կառավարութենէն որ փոխէ իր ծրագիրը: Զբօսավայրին մէջ սկսան հերթապահութիւն կատարել: Ժողովուրդը սկսաւ վրաններու տակ պառկիլ, որպէսզի չարտօնէ որ մեքենաներ ներս մտնեն ու ծառերը կտրեն:

Առաւօտ մը, կանուխ ժամը 5 ին, ոստիկանութիւնը խուժեց զբօսավայր ու շատ խիստ վարուելով բոլորը դուրս հանեց զբօսավայրէն եւ իրենց վրանները այրեց: Ասիկա այդ կայծը եղաւ որ ժողովուրդը ոտքի ելլելու մղեց:

Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Թուրքիոյ 48 քաղաքներու մէջ հարիւրէ աւելի ցոյցեր կազմակերպուեցան եւ բոլոր այս ցոյցերը ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ զօրաւոր բախումներու վերածուեցան: Զարմանալին այն էր, որ թէեւ երկրի տարածքին ընդհանուր եւ վտանգաւոր ապստամբութիւն կը տիրէր եւ սաստիկ բախումներ տեղի կþունենային ցուցարարներու եւ ոստիկանական ուժերուն միջեւ, միայն ընդդիմադիր կուսակցութեան հեռատեսիլի կայանը եւ երկու սակաւաթիւ հանդիսատեսներ ունեցող ազգային կայաններ ցոյց կուտային տեւական բախումներու մասին լուրերը։ Երկրի գլխաւոր հեռատեսիլի կայաններէն ոչ մէկը ոչ մէկ լուր հաղորդեց այդ դէպքերու մասին, բաւական երկար ժամանակ: Մինչ այդ «twitter» եւ «facebook»ի վրայ հաղորդակցութեան սաստիկ կապ մը ստեղծուեցաւ, որոնց մէկ մասը սուտ եւ ժողովուրդը գրգռելու ծառայող հաղորդակցութիւններ էին: Օրինակի համար կային գրութիւններ, որ կþըսէին թէ ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ժողովուրդին դէմ, կամ Պոլսոյ այս ինչ թաղի մէջ մօրուքաւոր եւ սուրերով զինուած իսլամականներ սկսած են ցուցարարները կոտորել: Կþըսուէր նաեւ թէ Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ

եթէ 48 ժամ եւս շարունակուին ցոյցերը կառավարութիւնը տապալած պիտի նկատուի: Կþըսուէր թէ բանակը ժամէ մը ետք դուրս պիտի գայ զօրանոցներէն եւ օգնութեան պիտի հասնի ժողովուրդին: Եւ այլ անտրամաբանական եւ սուտ հաղորդումներ, որոնք շատ աւելի գրգռեցին ժողովուրդը: Յայտարարուեցաւ, որ պետութիւնը արգիլած է հեռատեսիլի կայաններուն այս դէպքերու մասին որեւէ հաղորդում կատարելէ եւ այդ պատճառաւ է որ կայանները կանոնաւոր կերպով շարունակեցին իրենց օրուան յայտագիրը։ Բայց հոս կայ հարցական մը։ Արդեօ՞ք հեռատեսիլի կայաններուն արգելք դնող պետութիւնը պիտի չկարենար խզել նաեւ համացանցը, որպէսզի ոչ ոք կարենար հաղորդակցիլ: Կամ, նոյնիսկ եթէ արգելք կար պետութեան կողմէ, բոլոր երկիրը պատերազմի դաշտի վերածած այսչափ կարեւոր դէպքերը, ի գին բարձր տուգանքներ վճարելու պէտք չէի՞ն անպայմանօրէն հաղորդուիլ կայաններուն կողմէ, այդպէս ինչպէս ըրին միւս երեք ազգային կայանները:

Մինչեւ այդ պահուն խաղաղ եւ ժողովրդավարական պահուած ցոյցերը սկսան վերածուիլ Էրտողանի եւ կառավարութեան դէմ ապստամբութեան: Խաղաղ ցուցարարներուն շարքերուն մէջ խառնուեցան գրգռիչ տարրեր, այդպէս որ խաղաղ ցուցարարներն իսկ իրենց անհանգստութիւնը կը յայտնէին անոնց դէմ, որովհետեւ ասոնք սկսան խանութներու ապակիները կոտրել, հանրակառքերը եւ ժողովուրդին պատկանող խանութներն ու ինքնաշարժները հրկիզել: Վարչապետ Էրտողանի դէմ հայհոյանքի, իր հրաժարականը պահանջող եւ նաեւ իր մահը ուզող լոզունգներ արձակուիլ սկսան: Ես անձամբ տեսայ, որ Թաքսիմի հրապարակէն Իսթիքլալ կոչուած պողոտայի շատ մը խանութներու ապակիները ջախջախուած էին եւ շուրջ երկու քիլոմեթր երկարող պողոտային պատերը բոլորովին ծածկուած էին գրութիւններով: Յաջորդ օր, կառավարութիւնը ոստիկանական ուժերը ետ քաշեց Թաքսիմի հրապարակէն եւ ցոյցերը վերածուեցան խնճոյքի։ Երկրի միւս քաղաքներուն մէջ ալ դէպքերը հետզհետէ մարիլ սկսան:

Այժմ Թաքսիմի Կէզի զբօսավայրի վրայ զօրանոցի շինութեան դէմ եղողները կը սպասեն թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ վարչապետ Էրտողանի որոշումը այս գծով, բայց Էրտողան յայտարարեց, որ շինութիւնները պիտի շարունակուին, այդպէս ինչպէս ծրագրուած էին նախապէս:

Կառավարութիւնը անդրադառնալով եղելութիւններուն յայտարարեց, թէ դէպքերը կազմակերպուած էին այն կազմակերպութեանց կողմէ, որ նախապէս Թուրքիոյ մէջ իրականացուցած էին առաջուայ զինւորական յեղաշրջումները:

Այժմ շատ կանուխ է յայտնելու համար, թէ ի՞նչ էր կամ որո՞նք էին այդ դէպքերու կազմակերպիչները, կամ թէ այս դէպքերուն տակ կա՞ն իսկապէս խորունկ ուժեր, թէ՞ պարզապէս ժողովուրդին մէկ պայթումն էր։

Բայց հարց մը կայ, որ իմ միտքս կը զբաղեցնէ։ Արդեօք ի՞նչ կը պատահէր, եթէ վարչապետ Էրտողան Թաքսիմի Կէզի զբօսավայրի (որ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ պատահած հակաիթթիհատական ապստամբութեան մէկ խորհրդանիշը կը նկատուի այդ զօրանոցը) ծառերը կտրելու փոխարէն, յայտարարէր թէ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գտնուող Աթաթիւրքի հսկայ դամբարանին նման մը պիտի կառուցուի այդ վայրին վրայ, արդեօք այս դէպքերը պիտի պատահէին, թէ ոչ՝ ժողովուրդը զինք պիտի ծափահարէր:

Օշին Էլակէօզ
Պոլիս

 

Ցուցարարներու պատուիրակութիւն մը ընդունուած է Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլէնթ Արընչի կողմէ, վեց պահանջ ներկայացնելով.-
1 – Թաքսիմի «Կէզի» հանրապարտէզը պէտք է մնայ որպէս հանրապարտէզ:
2 – «Աթաթիւրք Մշակոյթի Կեդրոն»ի (AKM) փլուզման ծրագիրը անմիջապես պէտք է առկախուի, փլուզումէն պէտք է հրաժարիլ:
3 – Պաշտօնազրկուին բոլոր այն պատասխանատուները, որոնք բողոքարկուներու վրայ բիրտ ուժ կիրարկելու հրահանգ տուին:
4 – Արգիլուի արտասուաբեր ռումբի կամ նման նիւթերու գործածութիւնը:
5 – Անմիջապես ազատ արձակուին բոլոր անոնք, որոնք այս ցոյցերու հետեւանքով հսկողութեան տակ առնուած են: Իշխանութիւնները պէտք է ապահովութիւն տան, որ անոնց դէմ հետապնդում պիտի չկատարուի:
6 – Իշխանութիւնները պէտք է ջնջեն Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն գլխաւոր հրապարակներուն վրայ հաւաքոյթներ ու ցոյցեր կազմակերպելու արգելքը, այդ հրապարակները պէտք է բացուին կարծիքի ազատութեան ու արտայայտութեան:
Ինչպէս կþերեւի, այսքանն իսկ բաւական կնճռոտ հարցեր կը ստեղծէ, մնաց որ բողոքարկուները դեռ ունին շարք մը այլ հարցեր, օրինակ՝ Պոլսոյ երրորդ կամուրջի անուան հարց, ալեւիներու վերաբերող խնդիրներ, քաղաքներու վերաշինութեան քօղին տակ կատարուած փլուզումներ, կիներու դէմ բռնութեան, պետական օդային գիծերու եւ աշխատաւորներուն իրաւունքներու հարցեր։

10 June 2013
azator.gr