Akunq.net: Իրադարձությունները Թուրքիայում. ներկայացնում է «Մարմարան»

Նախագահ Կիւլ եւ Պիւլէնտ Արընչ խօսեցան վերջին դէպքերու մասին

Արընչ ներողութիւն խնդրեց Կէզի հանրապարտէզի մէջ առաջին օրը ցոյց ընողներէն, որոնց դէմ սխալներ գործուեցան

Թաքսիմի Կէզի հանրապարտէզը պաշտպանելու ցոյցերը երէկ ալ շարունակուեցան։ Գիշերը Թաքսիմի մէջ դարձեալ մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուեցան, բայց այս անգամ տօնակատարութեան մթնոլորտ մը կար հոն, մինչդեռ Պէշիկթաշի եւ այլ մէկ երկու թաղերու, նաեւ այլ քաղաքներու մէջ կրկին սաստկութիւններ պատահեցան։ Յայտնի չէ թէ այս խնդիրը մինչեւ ուր պիտի երթայ։ Մինչ Վարչապետ Էրտողան կ՚արտասանէ խօսքեր որոնք կրնան կրակը ա_լ աւելի հրահրել, Հանրապետութեան Նախագահ Կիւլ խաղաղասիրական ու տրամաբանական միջամտութիւններ կ՚ընէ քանի մը օրէ ի վեր։ Նախագահը երէկ ալ ընդունեց Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչը ու անոր հետ ունեցաւ 45 վայրկեան տեւողութեամբ խօսակցութիւն։ Յայտնի է որ խօսակցութեան առանցքը կը կազմէին Թաքսիմի Հանրապարտէզով ստեղծուած պատահարները։ Տեսակցութենէն վերջ Պիւլէնտ Արընչ յայտնեց թէ շատ օգտակար տեսակցութիւն մը ունեցած էին, Նախագահը այս հարցին մասին իր մտածումները, առաջարկներն ու հրահանգները փոխանցած էր։ Ասիկա բնական էր որովհետեւ Հանրապետութեան Նախագահի պարտականութիւնն է հսկել երկրի կացութեան վրայ ու անհրաժեշտ պարագային հրահանգներ տալ։

“Ներողութիւն կը խնդրեմ”

Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ երէկ Նախագահ Կիւլի հետ տեսակցելէ վերջ ըրաւ շինիչ յայտարարութիւն մը որ կը կարծուի թէ իր բարերար ազդեցութիւնը կ՚ունենայ որոշ ցուցարարներու ու դիմադրողներու վրայ։

Արընչի խօսքերը նկատուեցան կառավարութեան կողմէ կացութիւնը բարելաւելու նպատակով կատարուած ետքայլ մը։

Արընչ ընդունեց որ Կէզի հանրապարտէզին մէջ առաջին օրը պետական ուժերու կողմէ սխալներ գործուեցան ու ատոր համար ալ ներողութիւն խնդրեց։ Բայց Պիւլէնտ յատկապէս շեշտեց թէ ինք ներողութիւն կը խնդրէ միայն առաջին օրը Կէզի հանրապարտէզը պաշտպանող բարեացակամ քաղաքացիներէ, ո_չ թէ անկէ վերջ փողոց իջնող ու խռովարար ու քանդիչ ցոյցեր ընողներէ։ “Կը մտածեմ որ փողոց իջնելով սաստկութիւն ու վնաս պատճառողներէն ներողութիւն խնդրելու պարտաւորութիւն մը չունինք” ըսաւ Արընչ։

Արընչ դիտել տուաւ որ ինք կը խօսի որպէս Փոխ-Վարչապետ ու ըսաւ որ իրենք որպէս կառավարութիւն՝ միշտ ջանացին հասկնալ նաեւ այն հայրենակիցները որոնք իրենց քուէ չեն տուած։ “Կէզի հանրապարտէզը պաշտպանելու համար առաջին օրը հոն հաւաքուածներուն դէմ սխալներ գործուեցան ու հիմա ներողութիւն կը խնդրեմ անոնցմէ։ Բոլորին ալ հակազդեցութիւնը հասկնալի կը գտնենք, որովհետեւ մենք բոլորին կառավարութիւնն ենք” ըսաւ Արընչ։

Վնասը 70 միլիոն լիրա Է

Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ, երէկ սարքուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արտայայտուեցաւ Թաքսիմի դէպքերուն մասին, ան ալ հաշուեցուցակ մը ներկայացուց եւ ըսաւ որ ցոյցերու ընթացքին մինչեւ այսօր 110 ոստիկանական կառք եւ 207 անձնական կառք հրկիզուեցան, յարձակումներ կատարուեցան Ա-Գէ-Փէի Իզմիրի Գարշըեաքա ու Չիղլի գաւառակներու վարչային շէնքերուն վրայ։ Գոյացած վնասը աւելի քան 70 միլիոն լիրա է։

Կէզի Հանրապարտէզի Խնդիրը ՝ Խորհրդարանի Մէջ

Կիւլէր ըսաւ, որ ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնը կատարեցին

Կէզի Հանրապարտէզի խնդիրը երէկ օրակարգի բերուեցաւ նաեւ Խորհրդարանին մէջ, ուր բուռն բանավէճ ծագեցաւ Ճէ-Հէ-Փէի ու Ա-Գէ-Փէի միջեւ, երեսփոխաններ նախատինքներ տեղացուցին մէկզմէկու հասցէին։ Բանավէճը ծագեցաւ երբ Ներքին Նախարար Մուամմէր Կիւլէր ներկայացուց վերջին օրերու խռովութիւններու նիւթական վնասներուն հաշուեկշիռը եւ խիստ լեզուով պաշտպանեց ապահովութեան ուժերու միջամտութիւնը, որոնք ըստ օրէնքի արգելք հանդիսացան դէպի Խորհրդարան, դէպի Վարչապետարան ու դէպի Ա-Գէ-Փէի Կեդրոնական շէնքը քալել ուզող խռովարարներու դէմ։ “Ի՞նչ ընէինք, սպասէինք որ յարձակէին նաեւ Խորհրդարանի՞ն վրայ։ Մենք երբեք աչք չենք կրնար գոցել ու պիտի չգոցենք այսպիսի ապօրէն արարքներու”, ըսաւ Կիւլէր։ Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխաններ շարունակ միջամտութիւններ ըրին ու “Տիքթաթէօր” պոռացին իշխանութիւններու հասցէին։ Ա-Գէ-Փէ Կուսակցութեան Խմբակի Փոխ Նախագահ Ահմէտ Այտընն ալ պոռաց. “եթէ տիքթաթէօր կը փնտռէք, հայելիի մէջ դուք ձեր անցեալին նայեցէք”։

Նախագահ Կիւլ ընդունեց նաեւ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրը

Էօնտէր Կէզի պարտէզի դիմադրականներուն յանձնարարեց վերջ տալ խռովութիւններուն ու այսուհետեւ հաւաքուիլ միայն տօնակատարութեան համար

Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ երէկ Չանգայայի ապարանքին մէջ ընդունելէ ետք Փոխ-Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչը (Տես՝ մեր միւս սիւնակները), ընդունեց նաեւ Պէ-Տէ-Փէ Կուսակցութենէն Իսթանպուլի երեսփոխան սըրրը սիւրէյյա Էօնտէրը որ Կէզի Հանրապարտէզի առաջին օրուան ցոյցերուն մասնակից եղած էր եւ վիրաւորուելով հիւանդանոցի մէջ դարմանում ալ տեսած էր։ սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր Կէզի Հանրապարտէզի ցոյցերու գլխաւոր դէմքերէն մէկը դարձած էր։ Նախագահ Կիւլ երէկ զինքը Չանգայայի մէջ ընդունեց սըրրը սիւրէյյա Էօնտէրի խնդրանքին վրայ։ Նախագահը ընդունեց դիմումը ու աւելի քան մէկ ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխանին հետ։ Պիւլէնտ Արընչի հետ կատարուած տեսակցութենէն վերջ այս մէկն ալ եկաւ ամրապնդել իշխանութիւններու կողմէ մթնոլորտը մեղմացնելու նպատակով առնուած քայլերը։ սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր Չանգայայէ ելլելէ վերջ տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Փոխ Վարչապետ Արընչի հետ, յետոյ երկարաշունչ տեսակցութիւն մը ունեցաւ լրագրողներու հետ։ երեսփոխանը գոհ էր տեսակցութեան արդիւնքէն եւ ըսաւ որ վերջապէս գործել սկսաւ ժողովրդավարական գործընթաց մը որուն նմանը մինչեւ այսօր չէինք կրցած տեսնել։ Ան ըսաւ որ ինք լրացուցիչ տեղեկութիւններ տուաւ թէ_ Նախագահ Կիւլին, թէ_ Փոխ Վարչապետ Արընչին։ “Կրնամ ըսել որ մեր տեսակցութիւնները եղան օգտաշատ։ Հիմա ես հոսկէ իմ ողջոյնները կը ղրկեմ բոլոր դիմադրականներու, բայց այս պահէն վերջ արարքները պէտք է փոխակերպուին տօնակատարութեանց։ ես որեւէ ցուցարարի կոչ չեմ ըներ որպէսզի ետ քաշուի իր դիրքերէն, բայց որպէս անոնց մէկ ճամբու ընկերը, կ՚ըսեմ որ այլեւս պէտք է քալենք ժողովրդավարական ու խաղաղարար գետիններու վրայ։ Այսպէս ընելով է որ միլիոնաւորներու սրտին մէջ տեղ շահեցանք”, ըսաւ ան։

սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր շատ խիստ բառերով քննադատեց Իսթանպուլի Կուսակալը, ըսաւ որ ամենապարզ պաշտօնեայ մը անգամ անոր չափ սխալ չէր կրնար գործել։ Հիմա դիմադրականները իրե_նք են որ պիտի ընդունին իրենց որոշումը։

սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր պատասխան մըն ալ տուաւ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլիին։ Պահչէլի անցեալ օր ըսած էր որ չէր կրնար տեղ գրաւել շարժումի մը մէջ ուր գլխաւոր դերակատարն է Իմրալըի նամակաբերը։ Իր մասին կատարուած այս ակնարկութեան պատասխանելով սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր ըսաւ որ հիմա այլեւս մեր զաւակները չեն մեռնիր ու մաղթելի է որ այսպէս շարունակուի։ եւ ինք, ինչպէս որ Իմրալըի մէջ պաշտպանեց մեր զաւակներուն կեանքը, Թաքսիմի մէջ ալ պաշտպանեց հանրապարտէզին ծառերը։

“Դուք կը սխալիք մեծայարգ Պահչէլի, Թաքսիմի մեր ցոյցերուն մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ Մէ-Հէ-Փէցիներ”, ըսաւ սըրրը սիւրէյյա Էօնտէր։

6 June 2013
akunq.net